Հեռախոսահամար
հկտ 11, 2024 Նորութիւններ
Այսօր, երբ հաղորդակցութեան միջոցները եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը ներթափանցած է հասարակական կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառ եւ աշխատանքի կազմակերպման նոր մեթոտներ կը թելադրեն, գրադարանավարները յայտնուած են նոր մարտահրաւէրներու առջեւ: Գրադարանային գործընթացներու ինքնաշխատ կարգի անցնիլը, սպասարկման եւ ծառայութիւններու նոր եղանակներու կիրառումը գրադարանային աշխատողներէն նոր հմտութիւններ կը պահանջեն:
Սեպտեմբեր 16-էն 18 Հայաստանի ազգային գրադարանի փորձառու աշխատակիցները Կապանի ելեկտրոնային գրադարանէն ներս «Գրադարանավարներու մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման եւ վերապատրաստման» եռօրեայ դասընթաց իրականացուցին Կապանի ակումբագրադարանային միաւորման շուրջ 30 գրադարանավարներու համար:
Գրադարանային մասնագէտները երեք օր շարունակ աշխատանքային քննարկումներ ունեցան ժամանակակից ելեկտրոնային պաշարներ, գրականութեան հաշուառում եւ ելեկտրոնային տուեալներու շտեմարանի ստեղծում, «Google» միջավայրը գրադարաններու համար, գրադարանը ընկերային հարթակներուն վրայ, միջոցառումներու կազմակերպման նորարար մեթոտներ, գրադարանային գործի օրէնսդրական կարգաւորում եւ այլ նիւթերով, որոնց մէկ մասը տեղի ունեցաւ հեռավար կապով՝ «Zoom»-ի միջոցաւ:
Դասընթացին բոլոր մասնակիցները Ազգային գրադարանին կողմէ մասնակցութեան հաւաստագիրներ ստացան: Ուսուցանողներուն եւ մասնակիցներուն միջեւ աշխատանքային կապեր ձեւաւորուեցան, ինչ որ պիտի օգնէ միջգրադարանային կապերը շարունակելուն եւ ստացած գիտելիքները աշխատանքին մէջ ներդնելուն: