ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Գիրքեր դոկտոր Ռուբինա Փիրումեանի անձնական գրադարանէն

հլս 22, 2024 Նորություններ-arm Նուիրատուութիւններ

pirumyan 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանի հաւաքածոներուն համալրումը ոչ մէկ օր կը դադրի: Օրերս ազգային գրադարանը ստացած է ճանչցուած գրականագէտ, հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, դոկտոր Ռուբինա Փիրումեանի 459 միաւոր գիրքերու նուիրատուութիւնը։

Գիրքերը շատ բազմազան են՝ գրականութիւն, գրականագիտութիւն, լեզուաբանութիւն, պատմութիւն եւ հասարակագիտական այլ նիւթերու վերաբերեալ։ Ատոնք լոյս տեսած են Հայաստանի, Իրանի, Լիբանանի, ԱՄՆ-ի եւ այլ երկրներու մէջ: Ռուբինա Փիրումեանը ուսանած է Թեհրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժանմունքէն ներս։ 1978 թուականին տեղափոխուած է ԱՄՆ։ Դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի միջինարեւելեան լեզուներու բաժանմունքէն ներս։ Փիրումեանը սփիւռքահայ գրականութեան պատմութեան նուիրուած բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ է: Ան ուսումնասիրած է հայոց ցեղասպանութեան արտացոլումը գրականութեան մէջ։ Դոկտոր Փիրումեանը հեղինակած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը, 1915-1923. ուղեցոյց աշակերտներու եւ ուսուցիչներու համար» (1988) դասագիրքը Քալիֆորնիոյ պետական դպրոցներու աշակերտներուն համար: Հայաստանի ազգային գրադարանը կը հաւաքէ, կը մշակէ եւ կը պահպանէ հայերէն եւ օտար լեզուներով աշխարհի վրայ լոյս տեսած գիրքերը՝ անկախ ատոնց հրատարակման վայրէն։ Նշանաւոր հայագէտի անձնական գրադարանի գիրքերը շուտով հասանելի պիտի ըլլան գրադարանի ընթերցողներուն։