Հեռախոսահամար
ապր 21, 2025 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Ներառականութիւնը գրադարաններուն մէջ․ աւելի քան հասանելիութիւն։ Ներառական գրադարանները կը հաւատան, որ գիտելիքը բոլորինն է։ Եւ երբ բոլորը ունին հնարաւորութիւն կարդալու, սորվելու ու զարգանալու՝ մենք կը ստեղծենք հասարակութիւն մը, ուր տարբերութիւնը ոչ թէ խոչընդոտ է, այլ ուժ։ Ներառական գրադարանը միայն տեղեկատուութեան հասանելիութեան վայր մը չէ։ Այսպիսի գրադարանները իրենց առաքելութիւնը կը նկատեն ստեղծել միջավայր մը, ուր բոլորը կրնան օգտուիլ գրադարանի միջոցներէն՝ առանց խոչընդոտներու։ «Գրադարանը ներառականութեան հարթակ» խորագրով հանրային դասախօսութեան ընթացքին «Ակաթ» հաշմանդամութիւն ունեցող կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու բաժնի ղեկավար Գայիանէ Գրիգորեանը խօսեցաւ շարք մը կարեւոր գործօններու մասին, որոնք անհրաժեշտ են այսօր ներառական գրադարան ունենալու համար։
Ինչո՞ւ ներառականութիւնը կարեւոր է գրադարաններուն մէջ։ Բոլոր մարդիկ՝ անկախ կարողութիւններէն կամ ընկերային պատկանելիութենէն, պէտք է ունենան հաւասար իրաւունքներ՝ կարդալու, սորվելու եւ զարգանալու համար։ Ներառական գրադարանները կ'օգնեն յաղթահարելու կրթական եւ ընկերային անջրպետները՝ ստեղծելով համայնքային կապեր։ Խօսելով ներառական գրադարաններուն մասին՝ Գայիանէ Գրիգորեանը անդրադարձաւ շարք մը առանցքային կէտերու, Ատոնք են.
• Ֆիզիքական հասանելիութիւն։ Տարածքի յարմարացում՝ անիւով աթոռներու համար մատչելիութիւն, վերելակներ, լայն դռներ, յարմարացուած նստատեղեր։ • Շօշափելի նիւթեր եւ ազդանշաններ։ Պրէյլեան գիրքեր, բարձր մակերեսով նշումներ, ուղղորդող գիծեր՝ տեսողութեան խոչընդոտներ ունեցող անձանց համար։ • Լսողական եւ տեսողական նիւթեր տարբեր լեզուներով։ Տարբեր լեզուներով նիւթերու առկայութիւն՝ ներառեալ ժեստերու լեզուով նիւթեր՝ լսողութեան խնդիրներ ունեցող անձանց համար։ • Մատչելի կայքեր եւ ելեկտրոնային միջոցներ։ Անհատներու արհեստագիտական կարիքներուն համապատասխանեցուած կայքեր եւ թուային ծառայութիւններ, որպէսզի ընթերցողի կարողութիւնները սահմանափակուած չըլլան։ • Մշակութային եւ կրթական ձեռնարկներ՝ բոլորին համար։ Բազմազան մշակութային ծրագիր, ուր բոլոր տարիքային, լեզուական ու ընկերային խումբերը իրենց տեղը կրնան գտնել։ • Յատուկ ծրագիրներ տարբեր խումբերու համար։ Ծրագիրներ երեխաներու, տարեցներու, սփիւռքի ներկայացուցիչներու, կարիքաւոր ընտանիքներու եւ յենաշարժական խնդիրներ ունեցող անձանց համար։ • Աշխատակիցներու վերապատրաստում։ Գրադարանի անձնակազմը մշտապէս կը վերապատրաստուի՝ ընդգրկող եւ բարեկամ միջավայր մը ապահովելու նպատակաւ։
Ներառականութիւնը ոչ թէ յատուկ նախաձեռնութիւն մըն է, այլ մտածողութիւն մը, որ բոլորը իրենց տեղը ունին գրադարանին մէջ։ #ներառականգրադարան #մատչելիգիտելիք #գրադարանըբոլորինհամարէ #հաւասարութեանուժը