ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հետաքրքրուող բոլոր մասնագէտներուն կը հրաւիրենք յօդուածներ ներկայացնելու «Բանբեր Հայաստանի գրադարաններու» գիտամեթոտական հանդէսին համար

մրտ 27, 2024 Նորություններ-arm

banber31 
 

Գրադարանային-տեղեկատուական եւ յարակից գիտութիւններու մասնագէտներուն, հասարակագէտներուն, բանասէրներուն, ընկերաբաններուն, արուեստաբաններուն, առհասարակ գրադարաններու եւ գրքագիտութեան հարցերով հետաքրքրուող բոլոր մասնագէտներուն կը հրաւիրենք յօդուածներ ներկայացնելու «Բանբեր Հայաստանի գրադարաններու» գիտամեթոտական հանդէսին համար։

Հանդէսին մէջ տպագրուելու համար նիւթերը հարկաւոր է ուղարկել մինչեւ մարտ 31՝ «[email protected]» ելեկտրոնային հասցէին։ Հեղինակներուն կը խնդրենք պահպանել յօդուածներու եւ հաղորդումներու ներկայացման համար սահմանուած պահանջները, որոնց կարելի է ծանօթանալ այստեղ. https://nla.am/bulletin-of-armenian-libraries.

«Բանբեր Հայաստանի գրադարաններու» հանդէսին հիմնական նպատակն է ներկայացնել ժամանակակից գրադարանային գործին զարգացումները, ոլորտին հիմնախնդիրները, միջազգային փորձը եւ ձեւաչափերը, գրադարանային կառավարման համակարգերը եւ ոլորտին նորութիւնները։ Յօդուածները եւ հաղորդումները կ’ուղեկցուին եռալեզու ամփոփումներով։ Յօդուածները ունին թուային առարկայի բնորոշիչներ (Digital Object Identifier - DOI), ինչ որ մասնագէտներուն հնարաւորութիւն կու տայ հանրայնացնելու իրենց հետազօտութեան արդիւնքները, ուշադրութիւն հրաւիրելու հրապարակուած նիւթերուն վրայ։