Հեռախոսահամար
հլս 10, 2024 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ
Արդէն մէկ շաբաթ է Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը գործէ արուեստագէտ Գոհար Սարգսեանի «Բանաստեղծական երկխօսութիւն» անհատական ցուցահանդէսը: Օրեր շարունակ բազմաթիւ այցելուներ ուշադրութեամբ կը դիտեն ցուցադրութիւնը, կը մտորեն բանաստեղծական խցիկին մէջ, կ’անցնին բանաստեղծական դռներէ, բանաստեղծութիւններ կ’ունկնդրեն եւ միմեանց համար անանուն նամակներ կը թողուն:
Երկու օր շարունակ նկարչուհին մեծ սիրով իր աշխատանքները ներկայացուց գրադարանի աշխատակիցներու խումբերուն: Բանաստեղծական մթնոլորտը «վարակած» էր բոլորին, եւ մասնակիցները մեծ հետաքրքրութեամբ կը դիտէին ցուցահանդէսը, կու տան իրենց յուզող հարցերը, պատասխաններ կը ստանան: Աշխատակիցները յատկապէս գրաւեց ցուցահանդէսի «Սեր թէ սէր» արուեստանոցը, ուր անոնք իրենց աւելի մօտ զգացին արուեստի շունչին՝ ոգեշնչուելով արուեստագէտի ներգործուն գաղափարներով:
Թէ ինչո՛ւ արեւմտահայերէն հարցին՝ արուեստագէտը նշած է, որ իր նպատակն է այս կերպ նոր շունչ հաղորդել արեւմտահայերէնին, քանի որ, ըստ անոր՝ անիկա աւելի բանաստեղծական լեզու մըն է: Շտապեցէ՛ք, ցուցահանդէսին փակման մնացին հաշուուած օրեր: