Հեռախոսահամար
մրտ 27, 2024 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ
Հայաստանի ազգային գրադարանը պատասխանատու յանձնառութիւն ունի գալիք հինգ տարուան ընթացքին՝ աւարտին հասցնել Յակոբ Մեղապարտէն մինչեւ մեր ժամանակները աշխարհի վրայ լոյս տեսած հայերէն եւ հայատառ գրականութեան թուայնացումը։ Այդ ծրագրի անչափ կարեւոր բաղադրիչը հայ պարբերական մամլոյ թուայնացումն է։
«Հայ մամուլ» շտեմարանին մէջ «Երեկոյեան Երեւան» թերթի ելեկտրոնային տարբերակի շնորհանդէսին այսպէս սկսաւ իր խօսքը Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը։ Հայ մամլոյ բովանդակութեան թուային հասանելիութեան ապահովումը նշանակալի յաջողութիւններ արձանագրեց 2022-էն ի վեր, երբ Ազգային գրադարանը «Portmind» ընկերութենէն նուէր ստացաւ հայերէն թուայնացուած գրութեանց նշաճանաչման ծրագիրը։
Նախորդ երկու տարուան մէջ գրադարանը հանրութեան ներկայացուցած է «Մշակ» (Թիֆլիս), «Գարուն», «Գրական թերթ», «աւանգարդ», «Բազմավէպ» (Վենետիկ), «Հանդէս ամսօրեայ» (Վիեննա), «Բագին» (Պէյրութ), «Հայրենիք» (Պոստոն), «Սիօն» (Երուսաղէմ) եւ շատ այլ պարբերականներու ամբողջութեամբ թուայնացուած եւ նշաճանաչուած շտեմարանները։ Այդ պարբերականներէն իւրաքանչիւրը հասանելի է հետազօտողին աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնը եւ մեծապէս կը դիւրացնէ պարբերական մամլոյ հետազօտողի աշխատանքը։ «Երեկոյեան Երեւան» թերթը կանոնաւոր լոյս տեսած է 1957 թուականի հոկտեմբեր 1-էն մինչեւ 1999 թուականի յուլիս, որմէ ետք 2006 եւ 2008 թուականներուն զայն վերականգնելու փորձեր եղած են: 1957-1999 թուականներուն թերթը խմբագրած են Աստղիկ Երիցեանը, Բակունց Անանիկեանը, Կարլէն Ազարեանը, Կամօ Վարդանեանը, Նորիկ Ենկիպարեանը եւ ուրիշներ։
Միջոցառման «Երեկոյեան Երեւան» թերթին պատմութիւնն ու անցած ճանապարհը թերթին առանձին համարներուն եւ լուսանկարներուն ուղեկցութեամբ ներկայացուց լրագրող, բեմագիր, «Webtv.am»-ի եւ «ՀԱՅԵՐ/thearmenians» հարթակի հիմնադիր Արայիկ Մանուկեանը։ Ելոյթներ ունեցան եւ յուշեր պատմեցին թերթի նախկին աշխատակիցներ Խաչիկ Խաչիկեանը, Գագիկ Մինասեանը, Սուսաննա Մարտիրոսեանը, Հրանդ Յակոբեանը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն իր գործընկերներուն տեսաուղերձ մը յղած էր Արտաշէս Սարգսեանը, Մոսկուայէն՝ Ազգանոյշ Սերոբեանը։ «Երեկոյեան Երեւան» թերթին ելեկտրոնային տարբերակին ծանօթացէք յղումով՝ սեղմելով «Կարդալ առցանց» հրահանգը: . https://shorturl.at/kIY69: