ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Էդվարդ Ջրբաշյան _ 100

նմբ 20, 2023 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ

001 
 

Նոյեմբեր 23-ին, թամանեանական մասնաշէնքի փոքր դահլիճէն ներս ազատ աթոռներ չկային։ Լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գրական ցերեկոյթ մը՝ նուիրուած ականաւոր գրականագէտ, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր, փրոֆեսոր, ակադեմիկոս Էտուարտ Ջրպաշեանի 100-ամեակին։  

002 

Գրականագէտ, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր, փրոֆեսոր Սամուէլ Մուրատեանը, անդրադառնալով ակադեմիկոս Էտուարտ Ջրպաշեանի կեանքին եւ գործունէութեան, մտերմիկ յուշեր պատմեց համատեղ աշխատանքէն՝ ԵՊՀ Հայագիտութեան կեդրոնէն ներս, «Բանբեր Երեւանի համալսարանի» հանդէսին մէջ, այնուհետեւ՝ դասախօսական գործունէութեան տարիներուն։ Սամուէլ Մուրատեանը ներկայացուց հանդէսի խմբագրին աշխատանքը խորհրդային գրաքննութեան պայմաններուն ներքոյ, Թումանեանի, Չարենցի, Իսահակեանի եւ այլ գրողներու ստեղծագործութիւններու տպագրութեան առնչեալ երբեմն անլուծելի վիճակներն ու դժուարութիւնները:  

003 

Գրականագէտ, համահայկական գրողներու միութեան նախագահ Աբգար Ափինեանը ներկայացուց ծագումով վանեցի Ջրպաշեաններու գերդաստանի ընտանեկան նկարատետրը, բնութագրեց Ջրպաշեաններու գիտական ներդրումը Հայաստանի ժողովրդական տնտեսութեան բազմաթիւ ասպարէզներէն ներս։ Անգրականագիտական իր խօսքը մատուցեց Ջրպաշեաններու տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներու լուսանկարներու ուղեկցութեամբ։ 

004 

Գրական ցերեկոյթին աւարտին ելոյթ ունեցաւ անուանի գրականագէտին դուստրը՝ Աշխէն Ջրպաշեանը։ Վերջինս շնորհակալական խօսք ըսաւ Հայաստանի ազգային գրադարանի աշխատակիցներուն՝ ընդգծելով, որ շատ բաներ բացայայտեց Էտուարտ Ջրպաշեանին նուիրուած գրականութեան ցուցադրութիւնը դիտելով։

405767278_726382792875115_7088281940330782403_n