ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէսը | սեպտեմբեր

հկտ 06, 2023 Նորություններ-arm Հայաստանյան տասնյակ

September bookmap in Armenian 
 

Հայաստանեան գրքային տասնեակները, ինչպէս ամռան ամիսներուն, գլխաւորաբար կախում ունին դպրոցական ծրագրով յանձնարարուած գրականութեան ընթերցանութենէն, սակայն յուլիս-օգոստոսի համեմատ՝ առաւել նուազ չափով։ Սեպտեմբերեան ցուցակները շատ բազմազան են։ Ներկայացուած է 70 հեղինակի 96 գրական գործ։  
Քաղաքային գրադարաններուն մէջ ամէնէն շատ կարդացուող հեղինակներն են Նար-Դոսը, Րաֆֆին, Ակաթա Քրիստին, Էրիխ Մարիա Ռեմարքը, Խալետ Հոսէյնին, Ճոն Կրինը եւ ուրիշներ։ Ակաթա Քրիստիի՝ ցուցակին վրայ ընդգրկուած քրէական վէպերէն 11 հատը, տասնեակը կազմող մասնակից գրադարաններուն մէջ, սպասարկուած են 200 անգամ։ Անոր՝ «Դիակը գրադարանէն ներս» եւ «Սպանութիւն այբբենական կարգով» քրէավէպերը ամէնէն շատ ընթերցուած գիրքերու տասնեակին մէջ են։ Երիտասարդութեան ամէնէն սիրելի հեղինակներու ցուցակին վրայ կրկին յառաջատար է Էրիխ Մարիա Ռեմարքը, որուն «Երկինքը ընտրեալներ չունի», «Ապրելու ժամանակը եւ մեռնելու ժամանակը», «Երեք ընկեր», «Յաղթական կամար» եւ «Արեւմտեան ճակատին վրայ նորութիւն չկայ» գիրքերը սեպտեմբերին ընթերցողները 108 անգամ կարդացած են։  
Ալեքս Մայքլիտիսը, Կապրիէլ Կարսիա Մարքէզը, Գուրգէն Խանճեանը, Գուրգէն Մահարին, Խալետ Հոսէյնին, Մարք Լեւին, Նարինէ Աբգարեանը, Ճոն Կրինը եւ Ճոճօ Մոյէսը ներկայացուած են երկուական, իսկ Ուիլիամ Սարոյեանը՝ երեք գիրքով։ Ցուցակներուն վրայ բանաստեղծական երաշտ կը տիրէ։ Նախորդ ամիսներուն պէս, ցուցակին վրայ ընդամէնը մէկ-երկու բանաստեղծական ժողովածոյ կայ։ Ժամանակը ամենեւին բանաստեղծական չէ։ Ժամանակակից ընթերցողը հաւանաբար իր բանաստեղծական «քաղցը» կը յագեցնէ համացանցային գրական էջերուն վրայ նաւարկելով։