Հեռախոսահամար
սպտ 06, 2023 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ
Հայաստանի գրքային քարտէսը ձեւաւորուած է Երեւանի եւ մարզային գրադարաններու մէջ փետրուարին սպասարկուած գեղարուեստական գիրքերուն լաւագոյն տասնեակներու յառաջատար գիրքերուն շապիկներով: Փետրուարը իրաւամբ կը ներկայանայ ամենայն հայոց բանաստեղծի պատկերով։ Եւ Թումանեանի սիրելի նկարը վստահաբար կարելի էր տարածել բոլոր՝ 10 մարզերուն եւ Երեւանի ուրուագծային տարածքներուն վրայ, քանի որ փետրուարին Թումանեանի ծննդեան օրը գիրքը բոլորին տուները կը մտնէ։ Ժամանակակից հանրաճանաչ հեղինակներէն Աշոտ Աղաբաբեանի գիրքերէն երեքը՝ «Թակարդ», «Մենակը» եւ «Ռեզիտենթը» կան ցուցակներուն վրայ։ «Մենակը» վէպը աւելի քան 60 անգամ սպասարկուած է քարտէսը կազմելու ծրագրին մասնակից գրադարաններուն մէջ։ Հաշուի առնելով այն, որ փետրուարին Ա. Աղաբաբեանը գրական հանրութեան ներկայացուց իր նոր՝ «Ապրիր եւ ապրեցուր» վէպը, ապա անոր անունը նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակէ մնալ լաւագոյն տասնեակներուն մէջ։
Գրադարաններէն ներս կը շարունակուի Ակաթա Քրիստիի գիրքերուն յաղթարշաւը: Անոր արկածախնդրական վէպերէն 9-ն ընդգրկուած են գրադարաններուն ցուցակներուն վրայ։ Ակաթա Քրիստիի վէպերէն երեքը յայտնուած են Հայաստանի գրքային քարտէսին վրայ, քանի որ ատոնք կը գլխաւորեն Երեւանի, Լոռուայ եւ Շիրակի մարզային գրադարաններուն տասնեակները։ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի», Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական էսքիզներ» եւ Ալեքս Մայքլիտիսի «Լռակեաց հիւանդը» գիրքերը կը գլխաւորեն Արագածոտնի մարզային գրադարանի լաւագոյն տասնեակը։ Արարատի մարզային գրադարանի ցուցակին յառաջատարն է քանատացի գրող Լուսի Մոնթկոմերիի «Աննան կանաչ կտուրներէն» մանկական վէպը, իսկ Արմավիրի մէջ նախընտրութիւնը տուած են Սթեֆան Քինկի «Կանաչ մղոն» եւ Տանիէլ Քիզի «Ծաղիկներ Ալճերնոնի համար» վէպերուն։
Գրադարաններէն ներս բարձր պահանջարկ ունին Էրիխ Մարիա Ռեմարքի «Երկինքը ընտրեալներ չունի», Անի Միրզոյեանի «Երեւան-Փարիզը միայն չուերթ չէ», Ճոն Կրինի «Աստղերն են մեղաւոր», Խալետ Հոսէյնիի «Եւ արձագանգեցին լեռները» վէպերը։ Ամէնէն յաճախ սպասարկուած գիրքերու ցուցակին վրայ յայտնուած են ամերիկացի գրող Մարիօ Փիւզոյի «Կնքահայրը», Ալեքս Մայքլիտիսի «Լռակեաց հիւանդը» եւ Յովսէփ Վարդանեանի «Ագապի» վէպերը։ ժամանակակից հայ հեղինակներէն լաւագոյն տասնեակներուն մէջ տեղ գտած են նաեւ Սիւնէ Սեւադայի «Աղի թէյ» եւ «Կախուածութիւն», Գոհար նաւասարդեանի «Ինձ քաջվարդեր չնուիրես», «Յուշացած ակնթարթներ» եւ «Սիրելէն յետոյ» գիրքերը։ Ընդհանուր առմամբ՝ լաւագոյն ցուցակներուն վրայ ընդգրկուած է 54 հեղինակներու (որոնցմէ՝ 22-ը հայ) 71 գիրք։ Լաւագոյն ցուցակներու գիրքերուն առիւծի բաժինը վերջին հինգ տարուան մէջ տպագրուած գիրքերն են։