ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Արաքս» ելեկտրոնային պարբերականեն 2017-2024 թուականներու համարները արդէն հասանելի են «Հայ մամուլ» շտեմարանին մէջ

հնս 12, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

holand 
 

Պարբերական մամուլը աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքի, հայ ստեղծարար մարդու մասին պատմող առաջնային աղբիւր մըն է։ Աշխարհի մէջ մինչ օրս աւելի քան 6.000 անուն պարբերական հրատարակութիւն լոյս տեսած է, որոնց կէսը՝ աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ։ Թուային դարաշրջանին նոյնպէս ոչ միշտ հայերէն, սակայն բովանդակութեամբ հայկական պարբերականներ ի յայտ կու գան։

Այդպիսի պարբերական մըն է Հոլանտայի Ուտրեխտ քաղաքի «Գլաձոր» հայ ուսանողական միութեան կողմէ թողարկուող «Արաքս» ելեկտրոնային պարբերականը, որուն 2017-2024 թուականներու համարները արդէն հասանելի են «Հայ մամուլ» շտեմարանին մէջ։ «Արաքս» պատկերազարդ ելեկտրոնային պարբերականը կը հրապարակուի հոլանտերէն՝ ուսանողներուն ուժերով։ Երբեմն տեղ կը գտնեն նաեւ հայերէն ճանաչողական բնոյթի նիւթեր։

2017 թուականի նոյեմբերեան համարին մէջ փոքրիկ տեղեկութիւն մը կայ Մատթէոս Ծարեցիի մասին, որ 1661 թուականի յունուար 3-ին Ամսթերտամի մէջ տպագրեց առաջին հայերէն գրքոյկը՝ «Յիսուս որդի» վերնագրով։ «Գլաձոր» հայ ուսանողական միութեան գործունէութեան մասին կարելի է տեղեկանալ անոնց անգլերէն եւ հոլանտերէն կայքէն՝ https://gladzor.nl/: