ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

2024 թուականի տարեսկիզբէն գրադարանէն օգտուողները անվճար մուտք ունին դէպի «EBSCO»-ի տուեալներու շտեմարաններ

հնս 20, 2024 Նորություններ-arm

ebsco 
 

2024 թուականի տարեսկիզբէն գրադարանէն օգտուողները անվճար մուտք ունին դէպի «EBSCO»-ի տուեալներու շտեմարաններ, որոնցմէ կարելի է օգտուիլ ինչպէս գրադարանի կայքին միջոցաւ https://nla.am/ebsco, այնպէս ալ գրադարանի համակարգչային սրահէն ներս: «EBSCO»-ն կ’առաջարկէ լիաբովանդակ գիտական ամսագիրներ, որոնք կը հրապարակեն բարձրորակ եւ վստահելի յօդուածներ՝ ճանչցուած հրատարակիչներու ընտրութեամբ՝ ըստ հետազօտողներու կարիքներուն: «EBSCO»-ն հետազօտական տուեալներու շտեմարաններու յառաջատար կազմակերպութիւններէն մէկն է աշխարհի մէջ: Անոր շտեմարանները հասանելի են աշխարհի աւելի քան 30 երկրի 3500 համալսարաններու եւ գրադարաններու համար:

Հայաստանի ազգային գրադարանի հետ համագործակցութեան շրջանակէն ներս Հայաստանի պետական տնտեսագիտութեան համալսարանը, «Շիրակացի ճեմարան» միջազգային գիտակրթական համալիրը, Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանը, Երեւանի մշակոյթի համալսարանը, ՀՀ ՊՆ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ակադեմիան, Եւրոպական համալսարանը, Երեւանի Աւ. Իսահակեանի անուան քաղաքային գրադարանը, ՀՀ ԳԱԱ հիմնարար գիտական գրադարանը, Կոտայքի մարզային գրադարանը եւ բազմաթիւ այլ կրթական հաստատութիւններու ուսանողներ եւ ընթերցողներ հնարաւորութիւն ունին Ազգային գրադարանի տրամադրած պայմաններով օգտուելու միջազգային հեղինակաւոր «EBSCO» ընկերութեան բազմալեզու տեղեկատուական շտեմարաններէն։

Ազգային գրադարանի ընթերցողները կրնան «EBSCO»-ի շտեմարաններէն օգտուիլ նաեւ տունէն՝ իրենց յարմար ժամերուն։ Մուտքանուն եւ գաղտնաբառ ստանալու համար հարցում ուղարկեցէք [email protected] ելեկտրոնային հասցէին՝ նշելով ձեր անունը եւ ընթերցողական տոմսին համարը ամբողջութեամբ։