ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ցուցահանդէս | Կոստան Զարեան - 140

փտր 25, 2025 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ Ցուցահանդէսներ

mij.2025.,;

Գրադարանին այս շաբաթը սկսաւ նշանակալից իրադարձութեամբ։ Փետրուար 10-ին՝ երկուշաբթի օրը, թամանեանական մեծ ցուցասրահէն ներս բացուեցաւ բանաստեղծ, արձակագիր, յօդուածագիր, մշակութաբան Կոստան Զարեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ուշագրաւ ցուցահանդէսով։ Ցուցահանդէսը բացաւ Ներսէս Հայրապետեանը եւ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց ցուցադրութեան կարեւոր նիւթերուն վրայ։

Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են գրողին՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով աւելի քան 50 գիրք, լուսանկար, արխիւային փաստաթուղթ եւ այլ նիւթեր։ Առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան կը ներկայացուի Կոստան Զարեանի ծննդեան վկայաթուղթը, որ կը հաստատէ, թէ գրողը ծնած է 1885 թուականի փետրուար 8-ին։ Ցուցադրուած նիւթերուն մէջ էր 1926 թուականի հոկտեմբեր 20-ին Հոլանտայի մէջ իր կարդացած հրապարակային դասախօսութիւններէն մէկուն տպաւորիչ ազդագիրը, ինչպէս նաեւ բանաստեղծին քանի մը ինքնագիրները։

Ցուցահանդէսի բացումէն ետք գրադարանի սրահներէն մէկուն մէջ շուրջ երկու ժամ ունկնդիրները լսեցին գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեանի դասախօսութիւնը Կոստան Զարեանի կեանքին եւ գրականութեան շուրջ։

Դասախօսութենէն ետք գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը ամփոփեց օրուան միջոցառումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին եւ ունկնդիրներուն։