ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ընթերցանութիւնը առօրեայ լարուածութենէն խուսափելու միջոցներէն մէկն է

օգս 27, 2024 Նորութիւններ

ynt 
 

Ընթերցանութիւնը առօրեայ լարուածութենէն խուսափելու միջոցներէն մէկն է: Այս առթիւ համաշխարհային դասականներէն մէկը՝ Ռեմարքը, ըսած է. «Երբեմն գիրքերը կ’օգնեն յաղթահարել ծանր պահերը»։ Երբեւէ մտածա՞ծ էք՝ ինչի՛ կը վերածուէր մեր կեանքը, եթէ յանկարծ գիրքեր չըլլային: «Գիրքը հեքիաթային լապտեր է, որ մարդուն լոյս կը պարգեւէ կեանքի ամէնէն հեռաւոր ու մթին ճանապարհներուն վրայ», ըսած է լաթուիացի գրող Անտրէյ Ուփիթը։ Իսկ այս մէկը ամերիկացի գրող Պիչէր Սթոյի խօսքերն են. «Գիրքը պատուհան է, որմէ կը նայի հոգին»։

Ի՞նչ է ընթերցանութիւնը, ի՞նչ կը ստանանք գեղարուեստական, գիտական, մասնագիտական եւ այլ գիրքեր ընթերցելէն։ Գրական ստեղծագործութիւնները կ’ընդլայնեն մեր մտահորիզոնը, կը խթանեն, կը ճկունացնեն, կը լուսաւորեն մեր միտքը։ Ընթերցանութիւնը անձնական զարգացման եւ աճի հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ: Ընթերցանութիւնը կ’օգնէ աւելի հանգիստ ընդունիլ մարտահրաւէրները եւ կը սորվեցնէ խնդիրները աւելի արդիւնաւէտ յաղթահարել։ Հոգեբանները կը փաստեն, որ առողջութեան համար շատ օգտակար է լաւ գիրք կարդալը։ Գիտականօրէն ապացուցուած է, որ կանոնաւոր ընթերցանութիւնը կը նուազեցնէ Ալզհէյմէրի հիւանդութեան վտանգը։ Սիրելի հետեւորդներ. Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս դուք կրնաք գտնել ձեզի հոգեհարազատ գիրքը, որ կը դառնայ ձեր ամէնէն անկեղծ ընկերը, ամէնէն ճշմարիտ ուղեկիցը։