Հեռախոսահամար
օգս 05, 2024 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ Ցուցահանդէսներ
Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական փոքր դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ ուշագրաւ հանրային դասախօսութիւն մը՝ նուիրուած հայ բանաստեղծ Զահրատի 100-ամեակին։ Բանախօսը՝ գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեանը, ներկայացուց Զահրատի կեանքի եւ ստեղծագործութեան ուղին, խօսեցաւ անոր գրական ժառանգութեան եւ հայ գրականութեան մէջ անոր կարեւոր դերին մասին։ Բանախօսին խօսքերով՝ բարեբախտութիւն է, որ մենք այսօր կրնանք յիշել այս բացառիկ մարդուն անունը։ Իր խօսքերով՝ դժուար է մատնանշել մէկ ուրիշը, որուն մարդկային հմայիչ կերպարը եւ իր գրականութիւնը այդքան ներդաշնակ ըլլան։
«Զահրատի բանաստեղծութիւնը կ’ենթադրէ ընթերցողին մասնակցութիւնը։ Ան վերացական, կեանքէն կտրուած բանաստեղծ մը չէ։ Հեղինակը ամէնէն պարզ իրերուն մէջ կրնայ տեսնել խորհուրդ, սովորական իրականութեան մէջ՝ բանաստեղծութիւն։ Զահրատը իսկապէս յայտնաբերած է մեր գրականութեան մէջ նոր կարելիութիւններ»,- նշած է Երուանդ Տէր Խաչատրեանը։
Թամանեանական փոքր ցուցասրահէն ներս բացուած է Զահրատի ստեղծագործութիւններու, անոր մասին գրականութեան եւ ոչ գրքային հրատարակութիւններու ցուցադրութիւն։ Հետեւեցէք Ազգային գրադարանի ֆէյսպուքեան էջին՝ գալիք դասախօսութիւնները եւ միջոցառումները բաց չթողելու համար։