Հեռախոսահամար
մյս 09, 2025 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանը այսօր նուէր ստացաւ եգիպտահայ լրագրող Թոմաս Կորկիսեանի (Thomas Gorguissian) «Իմ կեանքիս պատուհանը» յուշապատումի արաբերէն հրատարակութիւնը։ Գիրքը լոյս ընծայուած է Քահիրէի «ալՇրուք» հրատարակչութեան կողմէ 2025 թուականի յունուարին։ Թոմաս Կորկիսեանը աւելի քան 50 տարուան լրագրողական աշխատանքի փորձ ունի, որմէ 30-ը կ’ապրի եւ կ՚աշխատի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Պարոն Կորկիսեանը կը թղթակցի արաբական «ալԱհրամ»-ին եւ այլ թերթերու հետ, յօդուածներ կը գրէ հաւասարապէս թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային ուղղութիւններով։ Ասիկա անոր երրորդ գիրքն է։
Հեղինակին խօսքով՝ գիրքը կը ներկայացնէ Ցեղասպանութենէն փրկուած մեծ ընտանիքի մը պատմութեան խճանկարը, մարդոց ճակատագիրները եւ եգիպտահայ կեանքը։ Գիրքը գրուած է ականատեսի աչքերով, այլ ոչ թէ հետազօտողի։ Հեղինակը կ՚անդրադառնայ Եգիպտոսի մշակոյթի պատմութեան մէջ հայերու, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ Եգիպտոսի դերին։ Ան ներկայացուցած է 1911 թուականին Մարտիրոս Սարեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի Եգիպտոս կատարած այցելութիւնները։ Այդ այցելութիւնը նշանակալի հետք թողուց Սարեանի ստեղծագործութեան վրայ, որ հոն նկարեց իր «Եգիպտական դիմակներ», «Քալող կինը» եւ «Գիշերային բնանկար. Եգիպտոս» կտաւները։ Հետաքրքրական է, որ Կոմիտաս Վարդապետը նոյնպէս 1911-ին գտնուած է Եգիպտոս, համերգներ եւ դասախօսութիւններ ներկայացուցած է Աղեքսանդրիոյ եւ Քահիրէի մէջ։
Գիրքին «Քահիրէն, որ հետս կ՚ապրի» եւ «Ուաշինկթոնը, ուր կ՚ապրիմ» գլուխներու խօսուն վերնագիրները կը վկայեն, որ անիկա գրուած է փաստագրական հիմքով եւ գեղարուեստական շարադրանքով։ Ներկայացուած են բազմաթիւ լուսանկարներ հեղինակին անձնական արխիւէն։ Թոմաս Կորկիսեանի գիրքը արժէքաւոր ներդրում մըն է եգիպտահայ կեանքը ուսումնասիրողներու համար։