Հեռախոսահամար
հնս 06, 2024 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ
Թանգարաններուն դերը անչափ կարեւոր է մեր կեանքին մէջ. թանգարան այցելութիւնը ճանաչողական, գաղափարական, գեղագիտական եւ դաստիարակչական նշանակութիւն ունի։ Ամէն տարի մայիս 18-ին Թանգարաններու միջազգային օրուան շրջանակէն ներս, թանգարանները ամբողջ աշխարհի կը համախմբուին մէկ խորագրի շուրջ։ 2024-ին Թանգարաններու միջազգային օրը եւ Թանգարանային գիշերե կը կազմակերպուին նոյն օրը՝ «Թանգարաններ, կրթութիւն եւ հետազօտութիւն» խորագրի ներքոյ: Ծրագրին այս տարի միացած է 118 թանգարան: Ատոնք այցելուներուն համար անվճար սկզբունքով բաց պիտի ըլլան ողջ օրուան ընթացքին։
Հայաստանի ազգային գրադարանի Գրատպութեան թանգարանը եւս այսօր՝ մինչեւ կէսգիշեր իր հիւրընկալ դռները բացած է այցելուներուն առջեւ։ Ըստ ծրագրին, 11:00-24:00-ին, ողջ օրուան ընթացքին, կը սպասուին տարբեր ցուցադրութիւններ։ 12:00-ին տեղի պիտի ունենայ «Բացայայտէ Հայաստանը» թանգարանի մասին ֆիլմի ցուցադրութիւնը, 15:00-ին՝ «Թանգարան-դպրոց համագործակցութիւնը. ուսուցիչը՝ թանգարանէն ներս» դասախօսութիւնը, 18:00-ին՝ «Հայ-իրանական մշակութային կապեր։ Անտրէ Սեւրուկեան (Տարուիշ)» ցուցադրութիւն – զեկուցումը, 20:00-ին՝ «Հայ գրքի ճանապարհը 16-18-րդ դարերուն» ֆիլմի ցուցադրութիւն։
Թանգարաններու միջազգային օրը 1977 թուականին հռչակած է Թանգարաններու միջազգային խորհուրդը (ICOM)՝ նպատակ ունենալով թանգարանները համախմբելու հասարակութեան եւ մարդկութեան առջեւ ծառացած համաշխարհային մարտահրաւէրներու շուրջ, միաժամանակ բարձրացնելու հանրային իրազեկուածութիւնը՝ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման, թանգարաններու կարեւորագոյն դերին ու հնարաւորութեանց մասին: «Թանգարաններու գիշեր» ծրագիրն կը կազմակերպուի 2005 թուականէն ի վեր՝ Ֆրանսայի մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ «ICOM»-ի, Եունեսքոյի եւ Եւրոպայի խորհուրդի հովանաւորութեամբ: Հայաստանը «Թանգարաններու գիշեր» համեւրոպական միջոցառման միացած է 2005 թուականէն: