Հեռախոսահամար
փտր 10, 2025 Միջոցառումներ Սինէ-ակումբ
Օրերս Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ դահլիճէն ներս ցուցադրուեցաւ «Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ֆիլմերու 10-րդ միջազգային փառատօնի ծրագրի ամէնէն տպաւորիչ ֆիլմերէն մէկը՝ բեմադրիչներ Առնո Լամպէրի եւ Վենսան Սորէլի «Միայն Կոտարը»։
Ֆիլմը կ’անդրադառնայ Կոտարի արուեստին եւ անոր նշանակութեան համաշխարհային ֆիլմարուեստի զարգացման մէջ։ Ֆիլմին մէջ ներկայացուած են Կոտարի կեանքի կարեւորագոյն դրուագները եւ ֆիլմերու ետնաբեմային պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ բեմադրիչի ազդեցութիւնը տարբեր սերունդներու ֆիլմի բեմադրիչներուն վրայ։
Սինէ-ակումբը Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը գործէ արդէն երրորդ տարին ըլլալով՝ «Ֆիլմադարան» ֆիլմի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութեան, Ազգային գրադարանի, Հայաստանի Ֆրանսայի դեսպանութեան Ֆրանսական հիմնարկի համագործակցութեամբ՝ ֆիլմասէրներուն ներկայացնելով ֆրանսական ֆիլմերու ընտրանին։ Ֆիլմերը կը ցուցադրուին ֆրանսերէն՝ հայերէն եւ անգլերէն ենթագիրներով։