ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Նուէրներ Պէյրութի «ԳՈՀԱՐ» գրադարանէն

հլս 22, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

bacvac girq  

Հայաստանի ազգային գրադարանը սերտօրէն կը համագործակցի լիբանանահայ Յարութ Խաչատուրեանի՝ Պէյրութի մէջ գործող երգարաններու, երաժշտական ձեռնարկներու եւ բառարաններու մասնագիտացուած «ԳՈՀԱՐ» գրադարանին հետ: Վերջերս Ազգային գրադարանը 7 միաւոր գիրք նուէր ստացած է «ԳՈՀԱՐ» գրադարանին կողմէ։ Ատոնք այն գիրքերն են, որոնք վերականգնուած են նոյն իրենց մասնագէտներուն կողմէ։

kohaar

«ԳՈՀԱՐ» գրադարանը բացուած է 2012 թուին՝ հայութեան համար կարեւոր երկու յոբելեաններու՝ հայկական գրատպութեան 500-ամեակին եւ Սայեաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին առթիւ: Գրադարանէն ներս կան նաեւ հայկական մանրանկարչութեան օրինակներ, ձեռագիր գիրքեր, Կիլիկիոյ թագաւորութեան վերաբերեալ ձեռնարկներ եւ դրօշներու ու դրամներու հաւաքածոյ: Հայկական մշակոյթի աւանդոյթներու պահպանման եւ զարգացման համար կարեւոր նշանակութիւն ունին գրադարանները եւ հետազօտական տարբեր հաստատութիւնները: Վստահ ենք, որ մեր համագործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ։