ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Նիկոլ Աղբալեան - 150

դկտ 06, 2023 Միջոցառումներ-arm Ցուցահանդեսներ

NA 001 
 

2023 թուականի մարտ 31-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ գրական ցերեկոյթ մը՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան լուսաւորութեան եւ արուեստի նախարար, մեծանուն հասարակական գործիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ եւ մանկավարժ Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին։ Գրադարանի ընդհանուր ընթերցասրահի յառաջատար գրադարանավար Գոհար Ենոքեանը ներկայացուց Նիկոլ Աղբալեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։ 

NA 002 
 

Միջոցառման պատուաւոր հիւրն էր նաեւ գրականագէտ, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր, փրոֆեսոր, Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ Սամուէլ Մուրատեանը, որ ընդարձակ ելոյթ մը ունեցաւ՝ ներկայացնելով Նիկոլ Աղբալեանի գրական վաստակը։ Փրոֆեսոր Մուրատեանը, մասնաւորապէս, ներկայացուց Աղբալեանի ներդրումը 1910-ական թուականներուն Թիֆլիսի մէջ Սայեաթ Նովային նուիրուած վարդատօներու աւանդոյթի սկզբնաւորման եւ հայ միջնադարեան ամէնէն նշանաւոր սիրերգուի երգերու ժողովրդականացման, Եղիշէ Չարենցի գրական մուտքը ազդարարելու եւ այլ անուրանալի ծառայութիւններու համար։ 

NA 003 
 

Միջոցառման աւարտին ներկաները ծանօթացան ՀԱԳ թամանեանական մեծ ցուցասրահէն ներս ցուցադրուած աշխատութիւններուն, ժողովածոներուն, մեծանուն հայուն կեանքին եւ գործունէութեան մասին գրուած գիրքերուն, պարբերականներուն մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած է 36 գիրք, 2 առանձնատիպ, 27 հանդէս եւ ամսագիր, 9 թերթ, որոնց աշխատակցած է Նիկոլ Աղբալեանը։ Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ ապրիլ 14։