ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հանրային դասախօսութիւն | «Տեղեկատուական գրագիտութիւն եւ անվտանգ համացանց»

ապր 14, 2025 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ

IMG-0387-1-1

 

Ապրիլ 14-ին, Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ տեղեկատուական գրագիտութեան նուիրուած սեմինար մը, ուր մասնակիցները առիթը ունեցան ծանօթանալու թուային դարաշրջանին տեղեկատուութեան վերլուծման, ստուգման եւ գնահատման կարեւոր սկզբունքներուն։ Սեմինարի ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը.

• Անվտանգ համացանց, • Ինչո՞ւ տեղեկութիւններու ստուգումը կարեւոր է, • Տեղեկութիւններու ստուգման սկզբունքները, • Բաց տուեալներու հետ աշխատանք, • Լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու ստուգում:

-Մեդիան ամենուր է․ մեդիա են պատին փակցված հայտարարությունները, տանը միացված հեռուստացույցը, մուլտֆիլմն ու սերիալը, բացօթյա վահանակների գունեղ գովազդը, ականջակալներում հնչող փոդքասթը, դպրոցի դասագիրքը, հեռախոսի հավելվածները, սոցցանցերում տարածվող նկարները, տեսանյութերը, գրառումները, դրանց հավանումներն ու մեկնաբանությունները․․․ Գրպանում թվային գործիքներ, լսարան և ասելիք ունեցող մարդիկ նույնպես մեդիա են։- Նշեց սեմինարավար, Հանրահռչակման բաժնի վարիչ Արմինե Վարդանյանը։

Տեղեկոյթը ամէնուր է․ տեղեկատուութիւն են պատին փակցուած յայտարարութիւնները, տան մէջ միացուած հեռատեսիլը, շարժապատկերներու տեսակները, վահանակներու վրայ գունեղ գովազդը, ականջակալներուն մէջէն հնչող փոտքասթը, դպրոցի դասագիրքը, հեռաձայնի յաւելուածները, ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուող նկարները, տեսանիւթերը, գրառումները, ատոնց հաւանումներն ու մեկնաբանութիւնները․․․ Գրպանին մէջ թուային գործիքներ, լսարան եւ ըսելիք ունեցող մարդիկ նոյնպէս տեղեկատու են: Նշեց սեմինարը վարող, Հանրահռչակման բաժնի վարիչ Արմինէ Վարդանեանը։ Ժամանակակից տեղեկատուական դարուն, երբ ընկերային հարթակները դարձած են տեղեկատուութիւն ստանալու հիմնական միջոցներէն մէկը, առաւել քան երբեւէ կարեւոր է զարգացնել քննադատական մտածողութիւն, կարենալ տարբերակել փաստը կարծիքէն, եւ դիմակայել ձեռնածական բովանդակութեան։ Սեմինարի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ. • Ընկերային ցանցերու դերը տեղեկութեան տարածման եւ ձեւաւորման մէջ, • Արժանահաւատութեան գնահատման եղանակները, • Կեղծ լուրերու եւ ձեռնածական բովանդակութիւն տարածելու գործիքակազմերը, • Անհատի տեղեկատուական գրագիտութեան զարգացումը որպէս ընկերային պատասխանատուութիւն։ Դասընթացին կը մասնակցէին, ինչպէս Ազգային գրադարանի, այնպէս ալ Երեւանի համայնքային գրադարաններուն աշխատակիցները։ Ներկայ էին Խնկո Ախպոր անուան Ազգային մանկական գրադարանի, Աւետիք Իսահակեանի անուան քաղաքային գրադարանի, Շէնգաւիթ վարչական շրջանի թիւ 32 եւ թիւ 18 գրադարաններու աշխատակիցներ, Քանաքեռ-Զէյթուն գրադարանային միաւորման աշխատակիցներ եւ այլք։ Ազգային գրադարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր մասնակիցներուն՝ աշխուժ ներգրաւուածութեան եւ քննարկումներուն համար։ Մեր կրթական ծրագիրները շարունակական են՝ ուղղուած գրադարանային հանրութեան տեղեկատուական գրագիտութեան մակարդակի բարձրացման։