Հեռախոսահամար
հնս 03, 2025 Նորութիւններ Միջոցառումներ Գրական հանդիպումներ
Հրատարակչական գործը միայն գիրք հրատարակելը եւ ծախելը չէ. մենք նաեւ ճաշակ ձեւաւորելու խնդիր ունինք, ըլլալ մշակութային ուղեցոյց ընթերցողին համար՝ աջակցելով գրականութեան ճիշդ ընկալման եւ ընտրութեան։ Այս առումով մեծ է նաեւ գրադարաններուն, գիրքի խորհրդատուներուն դերը։ «Խորհուրդ կու տան հրատարակիչները. գրքային նորութիւններ» խորագրով հանդիպման ժամանակ ընթացիկ ծրագիրներէն, հրատարակուող նոր գիրքերէն եւ հրատարակչական գործի առանձնայատկութիւններու մասին խօսեցաւ Antares Media Holding հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արքմենիկ Նիկողոսեանը։ Ներկայացնելով «Անտարէս» հրատարակչութեան գործունէութիւնը՝ խմբագիրը ընդգծեց, որ գիրքերը գլխաւորապէս կը տպագրուին մատենաշարերով։ Ան մասնաւորապէս նշեց «Օտարգիր» մատենաշարը, որ կը ներառէ բնագիրէն կատարուած բացառապէս առաջին թարգմանութիւնները։ Հրատարակուած են 36 լեզուներով թարգմանուած գրական գործեր, եւ այդ պատասխանատու գործընթացը շատ յաճախ վստահուած է երիտասարդ, խոստումնալից թարգմանիչներու։
«Նոպէլեան մրցանակակիրներ» շարքին մասին խօսելու ատեն, ան վստահաբար նշեց, որ այն գրողը, որ կը ստանայ Նոպէլեան մրցանակ, գրեթէ 6-7 ամիս յետոյ կը թարգմանուի հայերէնի։ Առանձնայատուկն է Մկրտիչ Արմէնի «Երեւան» վէպի հրատարակութիւնը՝ որպէս մշակութային մեծ ձեռքբերում։ Երկար ժամանակ շրջանցուած այս գործը կը վերադառնայ ընթերցողի սեղանին՝ արժանի ուշադրութեամբ ու գնահատանքով։
«Բաբելոնեան գրադարան» մատենաշարին մէջ նոր կեանք կը տրուի հեղինակներու, որոնք տարբեր հանգամանքներու բերումով յայտնուած են գրական լուսանցքին մէջ։ Այս շարքը կը բացայայտէ մոռցուած կամ անտեսուած գրականութեան իրական գոհարները։ «Արգիլուած գիրքեր» մատենաշարը կը վերականգնէ գաղափարական, գրաքննութեան կամ քաղաքական արգելքներու բերումով երկար տարիներ չհրապարակուած գրականութեան ներկայութիւնը։ Հեղինակներ, որոնց ձայնը երկար ժամանակ լռեցուած եղած է, այժմ կը խօսին հայերէնով։ «Այսօր գիրքի հիմնական գնորդը երիտասարդն է»,- նշեց Արքմենիկ Նիկողոսեանը՝ ընդգծելով, որ նոր սերունդն է, որ կը նպաստէ գրական մշակոյթի պահպանմանը ու նոր հրատարակութիւններու պահանջի ձեւաւորման։ Հանդիպման կը մասնակցէին ընթերցողներ, Հայաստանի ազգային եւ Երեւանի համայնքային գրադարաններու ներկայացուցիչներ։