Հեռախոսահամար
ապր 25, 2024 Միջոցառումներ
Հայաստանի մէջ բարձրագոյն գրադարանային կրթութիւնը սկիզբ առած է 1950-ական թուականներուն՝ նախ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքին կից, ապա 1969-1970 ուսումնական տարուընէ՝ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանէն ներս։ Գրադարանային կրթութեան երախտաւորներէն է Հայկ Դաւթեանը, որուն ծննդեան 105-ամեակն է այսօր։
Այդ առթիւ Ազգային գրադարանային շաբթուան շրջանակէն ներս Հայաստանի ազգային գրադարանը կազմակերպած է յիշատակի ցերեկոյթ մը, որ նուիրուած էր անուանի մատենագէտին, գրքագէտին, թարգմանիչին վաստակի գնահատման։
Հայկ Դաւթեանի մատենագիտական ժառանգութիւնը ներկայացուց գրադարանի Անձեռնմխելի գրականութեան բաժինի վարիչ Ալիսա Ադամեանը։ Ելոյթ ունեցան Դաւթեանի նախկին ուսանողներ Ներսէս Հայրապետեանը եւ Այտա Ադամեանը։ Անձեռնմխելի գրականութեան բաժինի ընթերցասրահէն ներս բացուեցաւ Հայկ Դաւթեանի գիրքերուն, թարգմանութիւններուն եւ յօդուածներուն ցուցադրութիւնը։