ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս մեկնարկեց EIFL-ի տարեկան համաժողովի երկրորդ օրը

հկտ 03, 2025 Նորութիւններ Միջոցառումներ

IMG-0387-1-1

Սեպտեմբեր 30-ին Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ «Ելեկտրոնային տեղեկատուութիւն գրադարաններու համար» (EIFL) միջազգային կազմակերպութեան տարեկան համաժողովը։ Անիկա Հայաստան բերած է 48 երկրներու գրադարանային ոլորտի եւ հեղինակաւոր գիտական հրատարակչութիւններու ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի, Հայաստանի թուային գրադարաններու ընկերակցութեան նախագահ Աննա Չուլեանը, ով ընդգծեց բաց հասանելիութեան եւ բաց գիտութեան սկզբունքներուն Հայաստանի յանձնառութեան նշանակութիւնը։ Այնուհետեւ մասնակիցները ողջունեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը. ան նշեց «EIFL»-ի հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի գիտական եւ կրթական համակարգերու զարգացման գործին մէջ։

Մասնակիցները ողջունեց «EIFL»-ի կառավարման խորհուրդի նախագահ Էմիլիա Պանիոնիթէն, իսկ «EIFL»-ի տնօրէնուհի Ռիմա Քուփրիթէն ներկայացուց կազմակերպութեան ընթացիկ ծրագիրներու թարմացումները։ Աւելին՝ https://is.gd/hT25eK