Հեռախոսահամար
նմբ 01, 2024 Նորութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանի Համագործակցութեան եւ գիրքերու փոխանակման բաժնի պատասխանատու Մայա Հայրապետեանն ու Սպասարկման բաժնի պատասխանատու Տաթեւիկ Թամազեանը հոկտեմբերի սկիզբը հիւրընկալուած էին Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ։ Այցելութեան նպատակն էր մարզային գրադարանը եւ 6 համայնքային գրադարանները 347 միաւոր գրականութեամբ հարստացնելը, ինչպէս նաեւ՝ Շիրակի մարզային գրադարանին մէջ արդէն երկրորդ տարին ըլլալով գործող ելեկտրոնային սպասարկման վերաբերեալ մարզային գրադարանի աշխատակիցներուն խորհրդատուութիւն տալը։
Տաթեւիկ Թամազեանը, ելեկտրոնային սպասարկումը աւելի դիւրին կազմակերպելու եւ որոշ խնդիրներ լուծելու նպատակաւ տեղւոյն վրայ որոշ կարգաւորումներ կատարած է։ Ընթերցողներուն համար բացուած է առցանց ապսպրանք կատարելու կարելիութիւնը։ Թամազեանը քայլ առ քայլ ցոյց տուած է ապսպրանք կատարելու եւ սպասարկելու ընթացքը թէ՛ ընթերցողին, թէ՛ գրադարանավարին տեսանկիւնէն։
Գործուղման ընթացքին Ազգային գրադարանի աշխատակիցները այցելած են նաեւ Շիրակի Միքայէլ Նալպանտեանի անուան համալսարանի գրադարան՝ նուիրելով մասնագիտական 40 միաւոր գրականութիւն։ ՀԱԳ-ի հրատարակած «Եղիշէ Չարենց։ Մատենագիտութիւն (1914-2022)» գիրքը ՀԱԳ-ի աշխատակիցները նուիրած են Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի տուն-թանգարաններուն։