Հեռախոսահամար
հկտ 11, 2024 Նորութիւններ Պաշտօնական
Հայաստանի մէջ սեպտեմբեր 21-ին կը նշուի Հայաստանի պետական եւ ազգային ամէնէն կարեւոր տօներէն մէկը՝ Հայաստանի անկախութեան օրը: 1990 թուականի օգոստոս 23-ին Հայաստանի գերագոյն խորհուրդը ընդունեցաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, ուր նշուած էր, որ ՀԽԸՀ-ը կը կազմալուծուի եւ կը ձեւաւորուի նոր պետութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ին անկախութեան հանրաքուէի ժամանակ հայ ժողովուրդը կողմ քուէարկեց ԽԸՀՄ կազմէն դուրս գալու օգտին։ Անկախութեան կողմ քուէարկեց 2 միլիոն 43 հազար մարդ: Հանրաքուէի արդիւնքներուն հիման վրայ 1991-ի սեպտեմբեր 23-ին հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը Հայաստանը հռչակեց անկախ պետութիւն: Շնորհաւոր տօնդ, Հայաստան: