ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստան-Հունգարիա մշակութային կապեր՝ ազգային գրադարանէն ներս

հնս 04, 2025 Միջոցառումներ

IMG-0387-1-1

 

Հայաստանի ազգային գրադարանի մեծ դահլիճին մէջ կայացաւ միջոցառում մը՝ նուիրուած Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ բարեկամական ու մշակութային կապերու ամրապնդման։ Միջոցառման ընթացքին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից, Հայաստան-Հունգարիա բարեկամութեան եւ մշակութային համագործակցութեան ընկերակցութեան նախագահ Անահիտ Սիմոնեանը Հունգարիոյ կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Հունգարական պրոնզէ պատուոյ խաչ» մետալով՝ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղղուած աւանդին համար։ Պարգեւը յանձնեց Հունգարիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. տիկին Աննա Մարիա Շիքոն։

Ելոյթներով հանդէս եկան՝ հայագէտ, պատմաբան Արծուի Բախչինեանը, Հունգարիայէն տեսակապով միացաւ Փիթէր Փազմանի անուան կաթողիկէ համալսարանի հայագիտական կեդրոնի ղեկավար հունգարացի հայագէտ Պալինթ Քովաչը։ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը, կարեւորելով հայ-հունգարական գրական ու մշակութային կապերը, խօսեցաւ համագործակցութեան ընթացքին եւ արդէն իրականացուած ծրագիրներուն մասին։ Հայաստանի ազգային գրադարանի համահաւաք գրացուցակին մէջ ստեղծուած է հունգարական գրականութեան հաւաքածոյ, որ ընթերցողներուն եւ հետազօտողներուն հնարաւորութիւն կու տայ մէկ յղումով ամբողջական պատկերացում կազմել գրադարանին մէջ առկայ հունգարական գրականութեան մասին։

Ներկայ էին Հայաստանի ԱԺ Հայ-հունգարական բարեկամութեան խումբի անդամներ, պետական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ։ Համերգային մասը յագեցած էր բարձր արուեստով․ հանդէս եկան դաշնակահարուհի, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Անահիտ Ներսիսեանը, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Իզապելա Մարութեանը, Չայքովսկիի անուաներաժշտական դպրոցի աշակերտ Էտկար Մխիթարեանը, Արտաշատի գեղագիտական կեդրոնի սաները՝ հայկական եւ հունգարական ժողովրդական պարերով։ Գրադարանի փոքր ցուցասրահին մէջ բացուած էր գրականութեան, պատկերագիրքերու եւ մամլոյ ցուցադրութիւն։ Անիկա կը ներառէ հունգարական գրականութեան հայերէն թարգմանութիւններ, հայ գրականութեան հունգարերէն թարգմանութիւններ, Հունգարիոյ մէջ հրատարակուած հայագիտական գիրքեր եւ պարբերականներ։ Լուսանկարներ.