Հեռախոսահամար
նմբ 20, 2023 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Ազգային գրադարանի հերթական հանրային դասախօսութիւնը «Ճանապարհ դէպի Նախիջեւան կամ ինչպէս սկսայ Նախիջեւանի պատմամշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութիւնը» խորագրով էր: Բանախօսը՝ պատմաբան, հայագէտ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Արգամ Այվազեանն էր:
Ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Արգամ Այվազեանի՝ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ զրոյց-դասախօսութիւնը, բանահաւաքչական բազմաթիւ արտօնուած եւ գաղտնի այցելութիւններու պատմութիւնները, այդ գործունէութեան ընթացքին անոր կրած հալածանքները։
Այվազեանը ներկայացուց Նախիջեւանի մշակութային եւ նիւթական ժառանգութեան նուիրուած հեղինակային շուրջ 60 գիրքերը: Իր եզակի լուսանկարչական արխիւէն ան ցուցադրեց մի քանի տասնեակ լուսանկարներ, որոնք նկարած է Նախիջեւանի հայկական բնակավայրերուն մէջ՝ բազմամեայ հաւաքչական աշխատանքներուն ընթացքին։ 1964-1987 թուականներուն, Նախիջեւանի մէջ կատարած իր ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին, Այվազեանը անձամբ արձանագրած է 89 գոյութիւն ունեցող վանքեր եւ եկեղեցիներ, որոնք այսօր այլեւս չկան։ Ան հաշուած եւ փաստագրած է 5.840 գեղարուեստական մշակուած խաչքարեր, իսկ տապալած գերեզմանաքարերուն թիւը կը գնահատուի 22.000, որոնք այժմ ջարդուփշուր եղած եւ ոչնչացած են։