Հեռախոսահամար
մյս 13, 2026 Միջոցառումներ

Հայաստանի մէջ համայնքային գրադարաններու գրադարանավարներու մասնագիտական վերապատրաստումը կարեւոր նշանակութիւն ունի ժամանակակից եւ արդիւնաւէտ գրադարանային համակարգի ձեւաւորման գործին մէջ։ Տեղական համայնքներուն մէջ գործող գրադարանները ոչ միայն տեղեկատուութեան եւ գիտելիքի տարածման կեդրոններ են, այլեւ կրթական, մշակութային եւ հանրային կեանքի աշխուժ հարթակներ, ուստի ոլորտի մասնագէտներու շարունակական վերապատրաստումը ժամանակի պահանջ է։ Հայաստանի ազգային գրադարանը պարբերաբար կը կազմակերպէ գրադարանավարներու մասնագիտական վերապատրաստման դասընթացներ՝ նախապէս իրականացնելով կարիքներու գնահատում՝ հաշուի առնելով համայնքային գրադարանավարներու կողմէ ներկայացուած առաջնահերթ խնդիրներրն ու մասնագիտական հետաքրքրութիւնները։
Մայիս 11-12-ին Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս իրականացուեցաւ երկօրեայ մասնագիտական վերապատրաստման դասընթաց՝ Հայաստանի համայնքային գրադարաններու գրադարանավարներու մասնակցութեամբ։ Դասընթացին մասնակցեցան «Աշտարակի մշակոյթի պալատ» ՀՈԱԿ-ի ենթակայութեամբ գործող համայնքային գրադարաններու, ինչպէս նաեւ Հրազդանի համայնքային գրադարաններէն գրադարանավարներ։ Մասնակիցներուն ներկայացուեցան ժամանակակից գրադարանային գործունէութեան վերաբերող շարք մը կարեւոր նիւթեր։ Քննարկուեցան ապագային միտուած համայնքային գրադարաններու զարգացման միտումները, համայնքային գրադարաններու պահոցներու ելեկտրոնային հաշուառման եւ գոյքագրման գործընթացները, գրադարաններուն մէջ անձնական տուեալներու պաշտպանութեան հիմնահարցերը, ինչպէս նաեւ գրադարանային օրէնսդրութեան եւ ենթաօրէնսդրական օրինական վճիռներրու կիրառման առանձնայատկութիւնները։
Առանձին ուշադրութիւն դարձուեցաւ Հայաստանի գրադարաններու համահաւաք գրացուցակէն օգտուելու հնարաւորութիւններուն եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի շտեմարաններու կիրառման գրադարանային գործընթացներուն։ Դասընթացները վարեցին Հայաստանի ազգային գրադարանի փորձառու մասնագէտները՝ մասնակիցներուն հետ համատեղ կազմակերպելով նաեւ քննարկումներ եւ գործնական աշխատանքներ։ ➡Վերապատրաստման աւարտին կատարուեցաւ արդիւնքներու գնահատում։ ՀԱԳ տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ Հայկանոյշ Ղազարեանը մասնակիցներուն յանձնեց դասընթացի մասնակցութեան հաւաստագիրներ։ Դասընթացի աւարտին մասնակիցները շրջեցան նաեւ Հայաստանի ազգային գրադարանի գրատպութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացան հայկական գրատպութեան պատմութեան, ինչպէս նաեւ գրատպական մշակոյթի զարգացման կարեւոր պատմափուլերուն։
