ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Յակոբ Մանանդեան - 150

դկտ 06, 2023 Միջոցառումներ-arm Ցուցահանդեսներ

HM 001 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ ցուցասրահէն ներս դեկտեմբեր 1-ին բացուած գրքային ցուցահանդէսը նուիրուած է հայ մեծ պատմաբան, բանասէր, աղբիւրագէտ, հայ պատմագիտութեան ականաւոր ներկայացուցիչ, պատմական գիտութեանց դոկտոր, փրոֆեսոր, ակադեմիկոս Յակոբ Մանանդեանի 150-ամեակին։ 

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է Մանանդեանի հսկայական գիտական ժառանգութեան ընտրանին՝ հայերէն, ռուսերէն եւ այլ լեզուներով, աւելի քան 50 աշխատութիւններ՝ նուիրուած հայոց հին եւ միջնադարեան պատմութեան ու բանասիրութեան, պատմական աշխարհագրութեան, չափագիտութեան ու մշակոյթին։ 

HM 002 
 

Կարեւոր է նշել, որ Յակոբ Մանանդեանի համար Ազգային գրադարանը եղած է մեծ գիտնականին բազմաթիւ գիրքերուն եւ ուսումնասիրութիւններուն կարեւոր հետազօտական շտեմարանը։ Ուստի պատահական չէ, որ գիտնականին մահէն ետք անոր անձնական գրադարանը ընտանիքը նուիրած է այն ժամանակ Ալեքսանդր Միասնիկեանի անուան պետական (ներկայիս՝ Հայաստանի ազգային) գրադարանին, որ այսօր կը պահուի անոր անունը կրող անհատական հաւաքածոյին մէջ: 

Մանանդեանական գիրքերուն ցուցադրութիւնը գրադարանէն ներս պիտի տեւէ աւելի քան երկու շաբաթ։ Ցուցադրուած են նմուշներ Ազգային գրադարանի հարուստ գրապահոցէն, Մանանդեան հաւաքածոյէն, ինչպէս նաեւ՝ ականաւոր գիտնականին ընծայագրուած գիրքեր: Ատոնք ցուցահանդէսին առթիւ Ազգային գրադարանին նուիրած է Երեւանի թիւ 32 գրադարանի տնօրէնուհի Սուսաննա Խաչատրեանը, ով նոյնպէս ներկայ էր յոբելեանական միջոցառման։