ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Համացանցային մարդորսութիւն եւ համացանցային անվտանգութիւն» թեմայով դասընթաց

հլս 09, 2024 Միջոցառումներ

maja

Հայաստանի ազգային գրադարանը «Ամքոր Հայաստան» բարեգործական հիմնադրամին հետ համագործակցութեան շրջանակէն ներս կազմակերպած էր դասընթաց՝ «Համացանցային մարդորսութիւն եւ համացանցային անվտանգութիւն» խորագրով: Դասընթացը վարեցին Հայաստանի մէջ մարդորսութեան դէմ պայքարի փորձագէտ Վիքթորիա Աւաքովան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց անվտանգութեան մասնագէտ, տեղեկագիտութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանը:

Վիքթորիա Աւաքովան խօսեցաւ մարդորսութեան տեսակներուն մասին, նշեց, որ անկախ իրենց կամքէն՝ այս յանցագործութեան զոհ կրնան դառնալ որեւէ տարիքի եւ ընկերային կարգավիճակի տղամարդիկ, կանայք եւ երեխաներ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Սամուէլ Մարտիրոսեանը ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս գրագէտ պէտք է օգտուիլ ընկերային ցանցերէն, խուսափիլ ցանցահէնութենէն, չխաբուիլ։ Մասնագէտները բերին շարք մը իրական օրինակներ եւ նշեցին, որ առհասարակ խաբէութիւնները տեղի կ’ունենան ամէնէն տարրական կանոններուն չհետեւելու, տեղեկացուած չըլլալու պատճառաւ։

spitak

Մասնագէտներուն խօսքերով անհրաժեշտ է տրամաբանել եւ կշռադատել որեւէ իրավիճակ եւ չշարժիլ վախի գործօնով, գիտակցաբար տարածել ընկերային ցանցերուն վրայ անձնական տուեալները, միշտ համեմատել առցանցն ու անցանցը։ Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան։ Յստակ էր, որ նիւթը արժանացած է հանդիպման մասնակիցներուն ուշադրութեան։ Նման դասընթացները հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն մարդոց՝ դառնալ առաւել զգօն, զերծ մնալ խաբեութիւններէն եւ աւելի հետեւողական ըլլալ տեղեկատուական դաշտէն ներս։