Հեռախոսահամար
օգս 21, 2023 Միջոցառումներ
Հայաստանի ազգային գրադարանը, Ազգային գրադարանային շաբթուան շրջանակէն ներս, ապրիլ 19-ին, համայնքային գրադարաններու խնդիրներուն նուիրուած կլոր սեղան-քննարկում մը հրաւիրած էր: Քննարկման մասնակցեցան Արմավիրի, Գեղարքունիքի, Կոտայքի եւ Վայոց ձորի մարզային, Խնկօ Աբոր անուան ազգային մանկական եւ Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան քաղաքային կեդրոնական գրադարաններու աշխատակիցները:
Գրադարանավարները մտքեր փոխանակեցին համայնքային (քաղաքային եւ գիւղական) գրադարաններու համալրման, աշխատանքներու նորովի կազմակերպման, գրադարաններու միջեւ կապերու վերականգման, նոր տեսակի ժամանակակից գրադարանային համակարգեր ձեւաւորելու սկզբունքներուն շուրջ:
Նոյն օրը, Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը եւ Երեւանի մէջ Մոսկուայի տան գլխաւոր տնօրէն Վահրամ Կարապետեանը համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրեցին։ Յուշագիրով նախատեսուած է համատեղ վարպետութեան դասերու, ցուցահանդէսներու, սեմինարներու, համաժողովներու իրականացում, վերապատրաստման դասընթացներու կազմակերպում՝ մարզային եւ համայնքային գրադարանավարներուն համար։