Հեռախոսահամար
հնվ 24, 2025 Միջոցառումներ
Յունուար 20-ին Հայաստանի ազգային գրադարանի արուեստի սրահին մէջ սփիւռքահայ անուանի գրականագէտ, գրող Գրիգոր Պլըտեանի 80-ամեակին նուիրուած հանրային միջոցառում մը կազմակերպուած էր։
Միջոցառման բանախօսն էր բանասիրական գիտութեանց թեկնածու, ՀՀ ԿԳՄՄՆ Լեզուի կոմիտէի նախագահ Սիրանոյշ Դուոյեանը: Ան անդրադարձաւ Պլըտեանի գրական ժառանգութեան եւ ստեղծագործական ճանապարհին, հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման գործին մէջ անոր ունեցած դերին։ Յայտնի է, որ մասնակից ըլլալով եւ գործելով եւրոպական գրական եւ գրականագիտական գործընթացներուն մէջ, Գրիգոր Պլըտեանը մշտապէս կենդանի պահած է հայրենի գրականագէտներուն հետ իր կապերը: Պլըտեանը վերջին երկու տասնամեակներուն իր գիրքերը գլխաւորաբար Երեւանի մէջ կը հրատարակէ:
Միջոցառումը ընդգծեց Պլըտեանի նշանակալի գրական վաստակը, որ տարիներ շարունակ երիտասարդ սերունդի հետազօտողներուն կը փոխանցէ գրականութեան հանդէպ իր անսպառ սէրն ու գիտելիքը։ Յոբելեանին առթիւ հանրային կապերու բաժինը գրականագէտին գիրքերու հարուստ ցուցադրութիւն մը պատրաստած էր:
Հանդիպումը անցաւ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ՝ գրականութեան եւ պատմութեան սիրահարներու մասնակցութեամբ։