Հեռախոսահամար
հկտ 14, 2024 Միջոցառումներ
Հոկտեմբեր 7-ին տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս։ Գրադարանավարի օրուան առթիւ ՀԱԳ բազմաթիւ աշխատակիցներ պատուագիրներ ստացան՝ նուիրուած իրենց աշխատանքին եւ մասնագիտական ներդրման համար։ Այս տարի կը նշուի գրադարանի պետական կարգավիճակ ստանալու 105-ամեակը, որուն առթիւ պատրաստուած են յատուկ արծաթեայ կրծքանշաններ։ Այսօր խումբ մը աշխատակիցներ պարգեւատրուեցան այդ անուանական յուշանուէրներով։ Պարգեւատրութեան արարողութիւնը առիթ էր ընդգծելու գրադարանի աշխատակիցներու անդադար ջանքերը՝ ուղղուած գրադարանի հաւաքածոներու շարունակական հարստացման, ատոնց պահպանման եւ ծառայութիւններու մատչելիութեան՝ կարեւորելով նաեւ գրադարանային սպասարկման որակի բարելաւումը: Միջոցառման գեղարուեստական հատուածը ապահովեցին «Մաէսթրո» մշակութային կազմակերպութեան «Բիւր աստղ» նախագծի պատանի երաժիշտները, որոնց ոգեշնչող ելոյթները ապահովեցին միջոցառման մասնակիցներուն բարձր տրամադրութիւնը։
Պարգեւատրութեան արարողութիւնը առիթ էր ընդգծելու գրադարանի աշխատակիցներու անդադար ջանքերը՝ ուղղուած գրադարանի հաւաքածոներու շարունակական հարստացման, ատոնց պահպանման եւ ծառայութիւններու մատչելիութեան՝ կարեւորելով նաեւ գրադարանային սպասարկման որակի բարելաւումը:
Միջոցառման գեղարուեստական հատուածը ապահովեցին «Մաէսթրո» մշակութային կազմակերպութեան «Բիւր աստղ» նախագծի պատանի երաժիշտները, որոնց ոգեշնչող ելոյթները ապահովեցին միջոցառման մասնակիցներուն բարձր տրամադրութիւնը։