Հեռախոսահամար
մյս 24, 2024 Միջոցառումներ Սինէ-ակումբ
Մայիս 21-ին Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ Սինէ-ակումբի հերթական ֆիլմի ցուցադրութիւնը։ Օրը նուիրուած էր ֆրանսահայ մեծանուն երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100 ամեակին։ Պաստառին վրայ ցուցադրուեցաւ Ֆրանսուա Թրիւֆոյի «Կրակեցէ՛ք դաշնակահարին վրայ » ֆիլմը։
Ֆրանսուա Թրիւֆոյի «Կրակեցէ՛ք դաշնակահարին վրայ » ֆիլմը։ Այստեղ գլխաւոր հերոսը կը մարմնաւորէ նոյնինքն Շարլ Ազնաւուրը։ Ֆիլմը հիմնուած է Տեւիտ Կուտիսի «Ներքեւը» վիպակին վրայ։ Անիկա հայ ընտանիքի մը մասին է, որուն զաւակը՝ Ազնաւուրի մարմնաւորած Էտուարտ Սարոյեանը, դժբախտ սիրոյ պատճառաւ վերջ տուած է դաշնակահարի իր յաջող ասպարէզին։ Ու ահա երբ կը թուի, թէ ան նոր սեր մը գտած է, եւ ամէն ինչ կը բարելաւուի, կը յաջորդէ ճակատագրին հերթական հարուածը:
Ֆիլմի բեմադրիչ, ֆիլամգէտ Գարեգին Զաքոյեանի խօսքերով շատ հետաքրքրական է նշանաւոր երգիչ, երգահան Ազնաւուրը տեսնել որպէս դերասան, քանի որ ճիշդ ան է, որ եղած Թրիւֆոյի ոգեշնչման աղբիւրը այս ֆիլմը ստեղծելու ատեն։ Նշենք նաեւ, որ 2013 թուականին «Կրակեցէ՛ք դաշնակահարին վրայ» ֆիլմը ներկայացուած է «Ոսկեծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնի «Հետահայեաց ցուցադրութիւններ» ծրագրին մէջ։
Սինէ-ակումբը Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը գործէ արդէն երրորդ տարին ըլլալով՝ «Ֆիլմադարան» ֆիլմի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմաերկութեան, Ազգային գրադարանի, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան Ֆրանսական հիմնարկի համագործակցութեամբ։ Ֆիլմերը կը ցուցադրուին ֆրանսերէն՝ հայերէն եւ անգլերէն ենթագիրներով: