Հեռախոսահամար
նմբ 06, 2024 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ
Այս տարի կը նշուի ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, դերասան, բեմագիր եւ բեմադրիչ Երուանդ Մանարեանի ծննդեան 100-ամեակը։ Նոյեմբեր 7-ին Հայաստանի ազգային գրադարանի արուեստի բաժնի ընթերցասրահին մէջ սիրուած դերասանին նուիրուած հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր։ Ձեռնարկիn մասնակիցները ունկնդրեցին գրադարանի արուեստի բաժնի վարիչ Յասմիկ Առաքելեանի խօսքը, որ կ'ընկերանար սիրուած արուեստագէտին կեանքի ճանապարհը ներկայացնող արխիւային լուսանկարներով եւ տեսանիւթերով։ Ընթերցասրահին մէջ ցուցադրուած էին Երուանդ Մանարեանի մասին գիրքեր, պատկերագիրքեր, պարբերական մամլոյ մէջ լոյս տեսած յօդուածներ։
Երուանդ Մանարեանի մասին ներկաներուն ուշագրաւ ու մտերմիկ յուշեր պատմեց անոր որդին՝ Քրիստ Մանարեանը։ Անգնահատելի են Երուանդ Մանարեանի ծառայութիւնները։ Ան հայ տիկնիկային արուեստը բարձրացուցած է զարգացման նոր աստիճանի մը եւ զայն դուրս բերած է միջազգային ասպարէզ, որուն շնորհիւ Երեւանի տիկնիկային թատրոնը դասուած է աշխարհի 10 լաւագոյն թատրոններու շարքին։ Երուանդ Մանարեանը մեծ էր ոչ միայն իբրեւ դերասան, բեմադրիչ, ֆիլմի բեմադրիչ, այլ իբրեւ իսկական մտաւորական: