Հեռախոսահամար
ապր 18, 2026 Միջոցառումներ Ուղերձներ

Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս «Դպրոցական գրադարանի վերափոխում. ինքնաշխատացման օրինակելի նմուշ» խորագրով հանդիպում-քննարկումով մեկնարկեց յոբելեանական 25-րդ #Ազգային_գրադարանային_շաբաթը։ Այսօր դպրոցական գրադարանը կը գործէ որպէս ուսումնական եւ տեղեկատուական կեդրոն, ուր աշակերտները կրնան ոչ միայն օգտուիլ գիրքերէն, այլեւ զարգացնել հետազօտական հմտութիւններ, աշխատիլ ելեկտրոնային աղբիւրներու հետ եւ ձեռք բերել տեղեկատուական գրագիտութիւն։ Կարեւոր դեր ունի գրադարանի համարկումը ուսումնական ծրագիրներուն մէջ՝ համագործակցելով ուսուցիչներու հետ եւ աջակցելով դասաւանդման գործընթացին։ Հանդիպման կը մասնակցէին Երեւանի դպրոցներէն աւելի քան 80 գրադարանավարներ, ովքեր աշխուժօրէն ներգրաւուեցան մասնագիտական քննարկումներուն։
Ներկաները ողջունեց Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը՝ անդրադառնալով հարցի կարեւորութեան, ոլորտէն ներս առկայ արդիական հարցերուն եւ ատոնց լուծման հեռանկարներուն։ Քննարկման ընթացքին ներկայացուեցան գրադարանային կառավարման ժամանակակից մօտեցումներ, ինքնաշխատացման արդիւնաւէտ գործիքներ եւ յաջողակ փորձի օրինակներ։ «Դպրոցական ժամանակակից գրադարաններու նմուշը կը ձեւաւորուի կրթական միջավայրի փոփոխուող պահանջներուն համահունչ՝ վերածուելով ոչ միայն գիրքերու պահպանման վայրի, այլեւ ուսումնական գործընթացի աշխուժ բաղադրիչի։ Ժամանակակից նմուշի կարեւոր ուղղութիւններէն է ինքնաշխատեցումը եւ թուայնացումը․ ելեկտրոնային մատենացուցակներ, առցանց գրանցումներ, թուային գրադարաններ, որոնք կը դիւրացնեն գիրքերու որոնումն ու հասանելիութիւնը եւ կը խնայեն ժամանակը», - իր խօսքին մէջ նշեց Աննա Չուլեանը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի աշխատակից Ներսէս Հայրապետեանu ներկայացուց նաեւ կարեւոր նախաձեռնութիւններ՝ նշելով, որ Հայաստանի գրադարաններու տարուա3 գլխաւոր ձեռնարկին՝ Ազգային գրադարանային շաբթուան ընդառաջ, Հայաստանի ազգային գրադարանի նախաձեռնութեամբ Իֆլայի (Գրադարանային միութիւններու եւ հաստատութիւններու միջազգային դաշնութիւն) կայքին վրայ հայերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած է Իֆլա-Եունեսքո դպրոցական գրադարանի 2025 թուականի հռչակագիրը։ Քննարկումներուն կը մասնակցէր նաեւ ՀԱԳ Սպասարկման բաժնի վարիչ Տաթեւիկ Թամազեանը։ Հանդիպումը անցաւ կառուցողական եւ մասնագիտական աշխուժ մթնոլորտէ ներս՝ հնարաւորութիւն տալով մասնակիցներուն բաժնեկցելու իրենց փորձառութեամբ, բարձրացնելու ոլորտային խնդիրներ, եւ քննարկելու ատոնց լուծման ուղիները։ Մասնակիցները գրադարանին կողմէ ստացան նաեւ նոր հրատարակութիւններ՝ որպէս նուէր․ չինական ժամանակակից պատմուածքներու հայերէն թարգմանութիւններ: #Ազգային_գրադարանային_շաբաթ_2026
