ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Դասընթաց գրադարանավարներու համար. զանգուածային լրատուամիջոցները եւ լրատուական գրագիտութիւնը» խորագրով հանդիպում-քննարկում

հկտ 31, 2024 Միջոցառումներ

Գեղամ Վարդանյան
  

Հայաստանի լրատուական գրագիտութեան շաբթուան ծիրէն ներս Ազգային գրադարանէն ներս նոյեմբեր 6-ին տեղի ունեցաւ «Դասընթաց գրադարանավարներու համար. զանգուածային լրատուամիջոցները եւ լրատուական գրագիտութիւնը» խորագրով հանդիպում-քննարկում մը, որ վարեց «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»-ի փորձագէտ Գեղամ Վարդանեանը: Ազգային գրադարանի եւ Երեւանի շարք մը գրադարաններու աշխատակիցներուն բանախօսը ներկայացուց զանգուածային լրատուամիջոցները հասկնալու, վերլուծելու, գրագէտ եւ արդիւնաւէտ օգտագործելու կարեւորութիւնը, որուն մէջ մեծ դեր ունին նաեւ գրադարանավարները:

մեդիա 6

Գեղամ Վարդանեանը շեշտեց, որ լրատուական գրագիտութիւնը կ'օգնէ տեղեկատուական հոսքերը հասկնալու, կեղծ լրատուութենէ ու քարոզչութենէ խուսափելու եւ շատ այլ հարցերու մէջ: Ան ներկայացուց «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»-ի կայքը (https://media.am/) եւ իրենց պատրաստած գործիքակազմը, որոնք ուղեցոյց պիտի ծառայեն լրատուական գրագէտ աշխատանքի համար: Մանաւանդ զանգուածային լրատուամիջոցներու տիրոյթէն ներս արհեստական բանականութեան ներգրաւուածութեան աճող թափը նկատի ունենալով՝ պէտք է աւելի զգոյշ ու գրագէտ ըլլալ մեր իսկ ընկերային հարթակներուն վրայ. չէ՞ որ այսօր իւրաքանչիւրս զանգուածային լրատուամիջոցն ենք: Պատահական չէ, որ այս տարի՝ նոյեմբեր 4-10 «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»-ի եւ ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան համատեղ կազմակերպած Հայաստանի մէջ լրատուական գրագիտութեան շաբաթը տեղի կ’ունենայ «Լրատուական գրագիտութիւնը արհեստական բանականութեան դարաշրջանին» խորագրին ներքոյ:

մմմ66 գեղ.

Դասընթացքին՝ նիւթով մտահոգ մասնակիցները շարք մը հարցումներ ուղղեցին փորձագէտին, եւ հետաքրքրական ու արդիւնաւէտ քննարկում ու զրոյց ծաւալեցաւ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ ինչո՛ւ չէ, նաեւ անոնց լուծման ուղիներուն շուրջ: Գեղամ Վարդանեանը ուղեցոյցներ բաժնեց ձեռնարկին ներկայ գրադարաններու ներկայացուցիչներուն: Լրատուական գրագիտութեան շաբաթը միջազգային շարժում մըն է, որ Եունեսքոյի գլխաւորութեամբ կ’իրականացուի ամէն տարի աշնան: Հայաստանի մէջ շաբաթը տեղի կ’ունենայ արդէն եօթներորդ անգամ: