ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Դանիէլ Վարուժան- 140

նմբ 06, 2024 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ

Մարգարիտա խաչատրյան
  

Յակոբ Օշականի խօսքով՝ մեր քնարերգութեան մեծագոյն փառքերէն մէկուն, եթէ ոչ մեծագոյնին՝ արեւմտահայ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի 140-ամեակի առթիւ գրականութեան ցուցադրութիւն բացուեցաւ եւ հանրային բանախօսութիւն տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս: «Դանիէլ Վարուժանը պսակը եղաւ մեր հայրենանուէր քերթողութեան», – Յ. Օ.: Ձեռնարկին Վարուժանի մասին խօսք արտասանեց Սպասարկման բաժնի գիտական ընթերցասրահի ենթաբաժնի վարիչ Արեւիկ Զաքարեանը:

Ներսես Հայրապետյան , Արևիկ

Հանրային բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ գրականագէտ, դասախօս, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեանը: Բանախօսը շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային գրադարանին, որ իրեն ներշնչած է անգամ մը եւս խորամուխ ըլլալու Դանիէլ Վարուժանի քերթողութեան, ստեղծագործութեան աշխարհին մէջ: Գրականագէտը ներկայացուց ի՛ր Վարուժանը, իրեն համար նորովի՛ բացայայտուած մեծ գրողը: Մարգարիտա Խաչատրեանը նշեց, թէ կը յայտարարէ, որ իր արձակուրդը պիտի անցընէ Ազգային գրադարանէն ներս, ուր նորանոր բացայայտումներ կ'ընէ միշտ:

մեծ սրահ

«Իսկ բաղձանքս,- եթէ կ'ուզէք,- բաղձանքս է ապագայի մարդոց նուիրել այնպիսի հզօր երգ մը, որ հայրենիքը ինծի պէս արարած մը ծնած ըլլալուն գոնէ չզղջայ»,- կը փափաքէր վաղամեռիկ, բայց այնքան հասուն, տաղանդաւոր գրիչով օժտուած, ընկերային մեծ բովանդակութեան եւ գեղարուեստական կատարեալ ձեւերու, ազգային ոճի դրոշմը կրող քերթողութիւն ստեղծած արեւմտահայ մեծ բանաստեղծը: Այսօր կրնանք ըսել, որ բանաստեղծին բաղձանքը իրականացած է: