ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Զաւէն Մսրըլեանը արժէքաւոր նուիրատուութիւն մը ըրաւ Հայաստանի ազգային գրադարանին

հնս 27, 2024 Նորություններ-arm Նուիրատուութիւններ

msyrlian 
 

Հայ պատմաբան, 1967-էն Պէյրութի հայ աւետարանական վարժարանի տնօրէն Զաւէն Մսրըլեանը վերջերս արժէքաւոր նուիրատուութիւն մը ըրաւ Հայաստանի ազգային գրադարանին։ Ատոնք գրադարանէն բացակայող եւ արժէքաւոր հրատարակութիւններ են, որոնք կը ներառեն գիրքեր, ամսագիրներ, հեղինակային այլ հրատարակութիւններ։

Մսրըլեանը կրթութիւն ստացած է Պէյրութի եւ Թրիփոլիի հայկական վարժարաններէն ներս, ապա հետեւած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի պատմութեան դասընթացներուն։ Ստացած է պսակաւոր արուեստներից (1959) եւ մագիստրոսի (1963) կոչումներ։ Ան, 2014 թուականի մայիս 23-ին Հայաստանի Նախագահի հրամանագրով, պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով։ Հայաստանի ազգային գրադարանը համագործակցութեան պայմանագիր մը կնքած է Զաւէն Մսրըլեանի հետ։ Վերջինիս իրաւասութեան տակ գտնուող գիրքերը շուտով թուային տարբերակով հասանելի պիտի ըլլան գրադարանի ելեկտրոնային գրացուցակին միջոցաւ։