Հեռախոսահամար
հնս 11, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
Որպէս եզակի ազգային հաստատութիւն Հայաստանի ազգային գրադարանը օրէնքով սահմանուած կարգով Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող գրականութեան պարտադիր օրինակներ կը ստանայ, որոնք մշտական պահպանութեան համար կը համալրեն Ազգային գրադարանային հաւաքածոն։ Մինչդեռ սփիւռքի բազմաթիւ օճախներու մէջ լոյս տեսնող հրատարակութիւնները մեզի կը հասնին հայկական մշակութային կազմակերպութիւններու կամ ալ անհատներու միջոցաւ։ Ազգային գրադարանի հաւաքածոն տարիներէ ի վեր համալրող բազմաթիւ նուիրեալներէն մէկը ճանչցուած լրագրող, հրատարակիչ, աւելի քան երեք տասնեակ սեփական կամ թարգմանական գիրքերու հեղինակ Վաչէ Ղազարեանն է։
Հալէպ ծնած Վաչէ Ղազարեանը աւարտած է ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքը, ապա Վահան Թեքէեանի կեանքին ու ստեղծագործութեան նուիրուած դոկտորական ատենախօսութիւն մը պաշտպանած է հայրենիքին մէջ։ Մինչեւ 1994 թուականը տարբեր պաշտօններ վարած է Ռամկավար ազատական կուսակցութենէն ներս, որմէ ետք ամբողջութեամբ նուիրուած է թարգմանական եւ հրատարակչական աշխատանքներուն։ Վերջերս դոկտոր Ղազարեանը գրադարանին իր կողմէն 1995 թուականին հիմնադրուած «Մայրենի» հրատարակչութեան հինգ անուն գիրք նուիրած է։ Ազգային գրադարանը պարոն Ղազարեանի հետ Համաձայնութեան պայմանագիր մը ունի եւ անոր բոլոր գիրքերը ազատ օգտագործման համար տեղադրուած են գրադարանի թուային պահոցին մէջ: