Հեռախոսահամար
մրտ 31, 2026 Նորութիւններ

Հայաստանի ազգային գրադարանը հետեւողական աշխատանք կ'իրականացնէ սփիւռքահայ մամուլի ուսումնասիրութեան, հանրահռչակման եւ արժեւորման ուղղութեամբ։ Այդ նախաձեռնութիւններու շրջանակէն ներս ներկայիս ընթացքի մէջ է Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Ազդակ» օրաթերթի ամբողջական մատենագիտութեան կազմումը։ Մեր մատենագէտներուն կողմէ արդէն իսկ կ'իրականացուին «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւնը կազմելու աշխատանքները, որոնք նպատակ ունին համակարգելու եւ գիտական շրջանառութեան մէջ դնելու թերթին հարուստ բովանդակութիւնը։ Նախատեսուած է, որ այս ծաւալուն աշխատութիւնը պիտի հրատարակուի 2027 թուականին՝ «Ազդակ»-ի 100-ամեակին առթիւ՝ դառնալով արժէքաւոր ուղեցոյց յատկապէս սփիւռքահայ կեանքի, պատմութեան եւ մամուլի ուսումնասիրութեամբ զբաղող հետազօտողներուն համար։
Այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրակազմին միջեւ 2021 թուականին կնքուած փոխըմբռնման յուշագրով, որ կը նախատեսէ համագործակցութեան լայն շրջանակ՝ համատեղ ծրագիրներու իրականացումէն մինչեւ թուայնացման աշխատանքներ եւ մասնագիտական փորձի փոխանակում։ Արդէն իսկ «Ազդակ»-ի ամբողջական թուայնացուած արխիւը կը պահպանուի Ազգային գրադարանին մէջ, ինչ որ կարեւոր քայլ մըն է սփիւռքահայ մամուլի ժառանգութեան պահպանման եւ հասանելիութեան ապահովման ուղղութեամբ։Օրերս աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի Ազգային Գրադարան կը գտնուէր օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, ով ծանօթացաւ ընթացիկ աշխատանքներուն, մասնակցեցաւ քննարկումներուն եւ գրադարանին նուիրեց «Ազդակ»-ի 2026 թուականի «Բացառիկ»-ը։ «Ազդակ»-ի մատենագիտութեան կազմումը ոչ միայն կարեւոր գիտական նախաձեռնութիւն մըն է, այլեւ նախադէպային քայլ մը՝ սփիւռքահայ մամուլի համակարգուած ուսումնասիրման եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի հիմքին վրայ զայն կեդրոնացնելու ճամբուն վրայ։
1927 թուականէն լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթը մինչեւ այսօր անընդմէջ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ հանդէս գալով որպէս սփիւռքահայ մամուլի առանցքային հարթակներէն մին՝ կարեւոր դեր ունենալով աշխարհի տարբեր համայնքներուն մէջ հայ գիրի, լեզուի ու մշակոյթի պահպանման գործին մէջ։ Մեծածաւալ, բազմաբովանդակ այս օրաթերթը, որ կը հրատարակուի շաբաթը վեց անգամ, մշտապէս կ'անդրադառնայ միջազգային, տարածաշրջանային, լիբանանեան եւ հայաստանեան իրադարձութիւններուն՝ ապահովելով բազմակողմանի տեղեկատուական հոսք։ Հայերէնով հրատարակուիլը «Ազդակ»-ին կու տայ առանձնայատուկ դեր՝ որպէս սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման գործուն միջոց։ Բացի հիմնական թողարկումներէն, օրաթերթը պարբերաբար կը ներկայացնէ նաեւ տարբեր ուղղուածութիւններով յաւելուածներ՝ «Պզտիկ-մզտիկ», «Անահիտ», «Նաւասարդ», ինչպէս նաեւ ամսական հանդէս եւ տարեկան ամփոփիչ հրատարակութիւններ, որոնք կարեւոր աղբիւր են տարբեր ոլորտներու ուսումնասիրութեան համար։ «Ազդակ» օրաթերթի թուայնացուած համարները հասանելի են «Հայ մամուլ» շտեմարանին մէջ։
