Հեռախոսահամար
փտր 25, 2025 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Ըլլար կանաչ հովիտ մը, մէջը հատ մը աղբիւր։ Անտոն այդ հովիտին տեղը չգիտնար։ Այդ կանաչ հովիտին մէջ արածէր կարմիր ձի մը։ Ոչ ոք գիտնար, որ այդ ձին Ալխոն է։ Արածելով պտտէր հովիտին մէջ, ջուր խմէր, պոչով քշէր մէկ-երկու հատիկ ճանճը, թախծէր, պառկէր արեւուն տակ կանաչ հովիտին մէջ սատկածի պէս...»։ Հրանդ Մատթէոսեան, «Ալխոն» («Բեռնաձիեր» շարքէն)։
Այսօր՝ փետրուար 12-ին, մեր ժամանակներու մեծանուն գրող Հրանդ Մատթէոսեանի ծննդեան օրն է։ Այս տարի կը նշուի գրողին 90-ամեակը։ Յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը կազմակերպած էր հանրային դասախօսութիւններու շարքի հերթական հանդիպումը։ «Ձիապատկերի խորհրդաբանութեան իմաստային հոսքերը Հրանդ Մատթէոսեանի պատմուածքներուն մէջ» խորագրով դասախօսութիւն կարդաց ԵՊՀ Հայ նորագոյն գրականութեան պատմութեան եւ գրաքննադատութեան ամբիոնի տոցենթ, բանասիրական գիտութեանց թեկնածու Արմենուհի Արզումանեանը:
Գրողին «Նժոյգս, նժոյգս», «Նարինջ զամբիկը», «Ալխոն», «Կանաչ դաշտը» պատմուածքները վերլուծելով նշուած նիւթին ծիրէն ներս՝ դասախօսը հրաշալի ընդհանրացումներ ըրաւ Մատթէոսեան գրողին, մատթէոսեանական կենսափիլիսոփայութեան, կենդանիին ներսէն դէպի մարդը երթալու՝ անոր կերպին մասին։ Արզումանեանը նաեւ զուգահեռներ բերաւ գրողին կենդանապատկեր այլ ստեղծագործութիւններու, մասնաւորապէս «Գոմէշը» պատմուածքին, ինչպէս նաեւ Բակունցի «Սպիտակ ձին» պատմուածքին օրինակով։
Մատթէոսեանական աշխարհին հետ եւս մէկ առնչութիւնը հաճելի էր եւ ուսանելի, ուստի պատահական չէր, որ հետաքրքրական զրոյց ծաւալուեցաւ դասախօսին եւ միջոցառման մասնակիցներուն միջեւ։