Հեռախոսահամար
մրտ 28, 2025 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս երէկ սարոյեանական տրամադրութիւն կը տիրէր։ Գրադարանին մէջ հիւրընկալած էինք թարգմանիչ Արամ Օհանեանը։ Թարգմանիչը խօսեցաւ Ուիլիամ Սարոյեանի «Քու կեանքիդ ժամերը» թատերակին ռուսերէն իր թարգմանութեան եւ Փեթերսպուրկի Եզակի իրերու թանգարանին «Թատերակի մը թանգարան» մատենաշարով հրատարակուած համանուն գիրքին մասին, ինչպէս նաեւ Սարոյեանի այս թատերակին ոդիսականին՝ աշխարհի տարբեր բեմերուն վրայ թատերակին բեմադրութիւններուն եւ շատ այլ փաստերու մասին։
Բաւական է միայն նշել, որ Սարոյեանի Փուլիցէրեան մրցանակ բերած «Քու կեանքիդ ժամերը» աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ բեմադրուած է աւելի քան 120 անգամ՝ ԱՄՆ-ի մէջ առաջին փորձնական բեմադրութիւններէն մինչեւ 2025 թուականի ռուսական բեմադրութիւնը։
2025 թուականին «Ռենոմէ (RENOME)» հրատարակչութեան լոյս ընծայած «Годы вашей жизни» գիրքին մէջ, թատերակէն զատ, զետեղուած է թարգմանիչին յօդուածը՝ 1939 թուականին Պրոտուէյի մէջ տեղի ունեցած առաջնախաղին մասին, որ կը ներկայացուի թատերակին հերոսներուն, նախատիպերուն եւ դերասաններուն մասին հետաքրքրաշարժ փաստերով, եւ, ի հարկէ, Փուլիցէրեան մրցանակով պարգեւատրման պատմութիւնը, որմէ Սարոյեանը հրաժարած է։
Գիրքին առաջին էջին վրայ տպուած է Ուիլիամ Սարոյեանի էքսլիպրիսը՝ մատենանիշը (գիրքանիշ)։ Արամ Օհանեանը նշեց, որ երջանիկ պատահականութեամբ իրեն բաժին հասած է նաեւ Սարոյեանի էքսլիպրիսը։ Գիրքին մէջ բերուած են նաեւ նիւթեր թարգմանիչին՝ թատերակի հեղինակին նուիրուած անձնական հաւաքածոյէն. հազուագիւտ ամսագիրներ ու թերթեր, ինքնագիրներ, լուսանկարներ եւ այլն: Նշենք, որ արեւմտեան մամլոյ այդ հազուագիւտ հաւաքածոյին թուայի տարբերակը շուտով պիտի տեղադրուի ՀԱԳ ելեկտրոնային հաւաքածոյին մէջ։