ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Աննա Դաւթեանի նոր վէպը

հլս 22, 2024 Նորութիւններ

zora 
 

Քու կարոտիդ երկար ճանապարհին զիս ալ վերցուր հետդ․․․ Ձեզի կը ներկայացնենք ժամանակակից հայ գրող, լուսանկարիչ եւ թարգմանիչ Աննա Դաւթեանի նոր գիրքը՝ «Զօրա՛»-ն։ «Զօրա՛»-ն պատերազմի մասին վէպ է՝ ծաւալուող 2020 թուականի պատերազմին յաջորդող տարիներուն։ Եւ կնոջ պատերազմ՝ սեփական նամակ-օրակարգով։ Անիկա նաեւ «արկածախնդրական» վէպ մըն է, ուր սպանողը սկիզբէն ալ յայտնի է։ «Զօրա՛»-ն տարօրինակ սիրային վէպ մըն է՝ սիրոյ ամէնէն ահեղ պատմութիւնը, որ հանդիպած եմ հայ գրականութեան մէջ։ Որ չ’ընթերցուիր որպէս սիրոյ պատմութիւն։ Վէպը ողբ է՝ Ադամի ողբը, բայց նաեւ պատերազմով հատնած անցեալի ու ապագայի՝ Արցախի ողբը, եւ աշխարհի ողբը՝ համաշխարհային տաքացման ու միջուկային ձմռան սպասման մէջ։ Մահը, կը սորվեցնէ մեզի Զօրա՛ն, Աստուծոյ խոստումն է։ Մահուան աստղը՝ մեր կեանքի գագաթին,- ասիկա անպատմելի վէպ մըն է» ,- վէպին մասին նշած է խմբագիրը՝ Արթուր Միրզոյեանը:

Գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի ազգային գրադարանի Գրականութեան հանրահռչակման բաժինի կողմէ համակարգուող «Աջակցութիւն ստեղծագործողներուն, հետազօտողներուն եւ թարգմանիչներուն» դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակէն ներս։ Ժամանակակից հայ գրող, լուսանկարիչ եւ թարգմանիչ Աննա Դաւթեանը «Խաննա» (2020) վէպի, «Պուքեթ» (2023) ժողովածոյի, «Մի նաւաբեռ մեխակներ Հրանդ Տինքի համար» դատերակի հեղինակն է, թարգմանութիւններ կատարած է Ալէն Կինսպերկի, Ալիս Մանրոյի, Քարոլին Ֆորշէի, Ռիչարտ Պրոթիկանի ստեղծագործութիւններէն, ստացած է տարբեր գրական մրցանակներ։