Հեռախոսահամար
դկտ 03, 2024 Նորութիւններ
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան ազգային ժառանգութեան հիմնարկին հետ գործակցութեան շրջանակէն ներս, նոյեմբեր 26-30, Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը եւ Մատենադարանի ու Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնները այցելած են Ֆրանսայի գրաւոր ժառանգութեան հիմնարկներ։
Հայկական պատուիրակութեան անդամները գտնուած են Ֆրանսայի Ազգային ժառանգութեան հիմնարկին, Ֆրանսայի ազգային գրադարանին, Ազգային արխիւին, Բնագիրներու հետազօտութեան եւ պատմութեան հիմնարկին, Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին, կանոնադրութիւններու ազգային դպրոցին, արուեստի պատմութեան ազգային հիմնարկին եւ Փարիզի Սամուէլեան գրատան մէջ։ Հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու ընթացքին այդ հիմնարկներու ղեկավարներուն եւ մասնագէտներուն հետ քննարկուած են գործակցութեան հարցեր եւ ապագայի ծրագիրներ։
Ֆրանսայի ազգային գրադարանի նախագահ Ժիլ Փեքուի եւ միջազգային յարաբերութիւններու տնօրէն Ժան Ֆրանսուա Ղոզոյի հետ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է 2025-ի խապրիլի վերջը գործակցութեան յուշագիր մը կնքելու Հայաստանի ազգային գրադարանին հետ։ Նկատի առնելով Ֆրանսայի մէջ տպուած հայկական ժառանգութեան բազմազանութիւնն ու հարստութիւնը եւ Հայաստանի մէջ ներկայիս պակսող նիւթերը՝ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է ելեկտրոնային տարբերակներով հարստացնելու ՀԱԳ-ի «Հայ գիրք» եւ «Հայ մամուլ» թուային շտեմարանները։
Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է նաեւ Ֆրանսայի ազգային գրադարանային հաւաքածոյի տարեկան տուեալները ՀԱԳ-ին փոխանցելու մասին, որմով ՀԱԳ-ի «Արմենիքա» հաւաքածոն պիտի հարստանայ Ֆրանսայի մէջ հայերէն կամ հայերէնէ թարգմանուած ու տպուած գործերով եւ հայագիտական նիւթերով։ Ֆրանսայի ազգային գրադարան եւ ազգային արխիւ այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ տեղի ունեցած են թուայնացման կեդրոնին մէջ եւ վերականգնման ու պահպանման բաժնին մէջ։ Թուայնացման կեդրոնին մէջ հայ մասնագէտները ծանօթացած են տարբեր ձեւաչափերու եւ տեսակի նիւթերու թուայնացման արհեստագիտութեան եւ մեթոտաբանութեան յատկութիւններուն։ Քննարկումներ եղած են թուայնացուած պաշարներու պահպանութեան խնդիրներուն շուրջ։
Հայաստանի ազգային գրադարանը Ֆրանսայի գրաւոր ժառանգութեան այս բոլոր հիմնարկներուն հետ համաձայնութիւններ ձեռք բերած է փորձի փոխանակման, մասնագիտական զարգացման եւ համատեղ հետազօտական ծրագիրներու եւ ցուցահանդէսներու կազմակերպման վերաբերեալ։