Հեռախոսահամար
սպտ 05, 2024 Նորութիւններ
Գրականագէտ, գրող, թարգմանիչ Ալեքսանդր Թոփչեանի «Դրամատուն օսմանեան» վէպը 2024-ին հրատարակուած է չեքերէն՝ «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններուն մէջ» ծրագրի շրջանակէն ներս՝ Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի համակարգմամբ։ «Դրամատուն օսմանեան»-ի առանցքը 19-րդ դարավերջին՝ 1896-ի օգոստոս 26-ին խումբ մը հայ երիտասարդներու՝ Օսմանեան դրամատունը գրաւելու պատմութիւնն է։ Գիրքը միաժամանակ կը ներկայացնէ արեւմտահայերու վիճակը համիտեան ժամանակաշրջանին:
Թոփչեանի՝ 2008 թուականին լոյս տեսած վէպը համեմատաբար կարճ ժամանակուան մէջ թարգմանուած եւ հրատարակուած է ռումիներէն (2010), ֆրանսերէն (2011), ռուսերէն (2012), պարսկերէն (2019), սերպերէն (2019), լաթուիերէն (2021) եւ մակեդոներէն (2023), որոնց շարքը համալրեց չեքերէնը։ 2009-ին Պէյրութի «Արծիւ» հրատարակչութիւնը վէպը լոյս ընծայած է նաեւ դասական ուղղագրութեամբ։