Հեռախոսահամար
մրտ 22, 2025 Նորութիւններ
Օրերս լոյս տեսաւ «Բանբեր Հայաստանի գրադարաններու» գիտամեթոտական հանդէսի 2024 թուականի երկրորդ թողարկումը.
Տեղեկացնենք, որ «Բանբերը» գրանցուած է «EBSCO» միջազգային բարձր վարկանիշ ունեցող գիտական հրատարակութիւններու հարթակին վրայ եւ այստեղ տպագրուած նիւթերը հասանելի են «EBSCO»-ի բաժանորդներուն։ «EBSCO»-ի շտեմարանները հասանելի են աշխարհի աւելի քան 30 երկրներու 3500 համալսարաններու եւ գրադարաններու համար, ինչ որ էականօրէն կը բարձրացնէ «Բանբեր Հայաստանի գրադարաններու» հանդէսի վարկանիշը եւ միջազգային հասանելիութիւնը։
Ներկայացուած յօդուածները կ՚արտացոլեն ժամանակակից գրադարանագիտութեան առաւել արդիական միտումները՝ թուային արհեստագիտութիւններէն մինչեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման նորարարական մեթոտներ։ «Բանբեր Հայաստանի գրադարաններու» հանդէսի ներկայ համարին մէջ ամփոփուած են Հայաստանի ազգային գրադարանի պետական կարգավիճակ ստանալու 105-ամեակին նուիրուած «Ժառանգութեան պահպանութիւն՝ յանուն կայուն ապագայի» խորագրով միջազգային գիտաժողովի (2024 թուականի հոկտեմբեր 3-4) մասնակիցներուն յօդուածները եւ հաղորդումները։
Հանդէսին մէջ ամփոփուած են 24 յօդուած եւ հաղորդում, որոնք ներկայացուած են հետեւեալ բնաբանային ուղղութիւններով՝ ազգային ժառանգութեան պահպանութիւն, ընթերցանութեան խթանում, թուային բովանդակութեան կառավարում, կառավարում եւ մասնագիտական զարգացում, հայկական ժառանգութեան պահպանութիւն եւ հանրահռչակում, սփիւռքի ժառանգութեան պահպանութիւն եւ հանրահռչակում։