ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեանի այցը ՀԱԳ

օգս 21, 2023 Պաշտոնական Նորություններ-arm

325302032_5802085563244352_4594236246235806610_n (1) 
 

Յունուար 12-ին, Ազգային գրադարանը աշխատանքային այցելութեամբ հիւրընկալեց Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեանը, փոխնախարար Արա Խզմալեանը եւ մշակութային ժառանգութեան ու ժողովրդական արհեստներու վարչութեան պետ Աստղիկ Մարաբեանը:   
Պատուիրակութիւնը դիմաւորեց եւ ողջունեց գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը եւ առաջարկեց շրջայց մը կատարել գրադարանէն ներս։ Նախարարուհին գտնուեցաւ ընդհանուր, գիտական եւ մամլոյ ընթերցասրահներուն մէջ, ծանօթացաւ գրադարանի մասնաշէնքերուն գրապահոցային պահպանութեան պայմաններուն, ինչպէս նաեւ կատարուող թուայնացման աշխատանքներուն։ Այցելութեան աւարտին, նախարարուհին խորհրդակցութիւն վարեց գրադարանի տնօրէնութեան հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան գրադարանին յառաջիկայ ծրագիրները ու ընելիքները

325235635_925056395595546_4578794483792963947_n