Հեռախոսահամար
դկտ 10, 2025 Սինէ-ակումբ

Աշխարհի ամէնանսովոր, արտասովոր ու ամէնանսովորական կատակերգութիւնը՝ առասպելական Ժաք Թաթիի ոչ պակաս առասպելական «Իմ քեռիս» ֆիլմով Սինէ-ակումբը եզրափակեց այս տարին։ Mon Oncle (1958)՝ Ժաք Թաթի անմոռանալի դասականը, որ իր նուրբ հումորով ու ընկերային դիտարկումներով դարձաւ ֆրանսական ֆիլմարուեստի էջանիշներէն մէկը։ Ֆիլմը կը ներկայացնէ Միսիո Եուլոյի եւ անոր ընտանիքին միջեւ ձեւաւորուած հակադրութիւնը՝ մարդկային ջերմութեամբ լի աւանդական կեանքին ու մեքենացուած, «կատարեալ» ժամանակակից աշխարհին միջեւ։ Թաթիի այս ֆիլմը արժանացած է Օսկարի «Լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմ» մրցանակին եւ մինչեւ այսօր ալ պահպանած է իր արդիականութիւնը։
Ֆիլմին մէջ գրեթէ չկան աւանդական երկխօսութիւններ․ Թաթին յատուկ ընտրած էր «տեսողական հումորի» ձեւը, որպէսզի հանդիսատեսը պատմութիւնը ըմբռնէ շարժման, ձայնային մանրամասնութիւններու եւ միջավայրի միջոցաւ։ Այս մօտեցումը դարձաւ անոր հեղինակային ձեռագիրը եւ ազդեց բազմաթիւ յետագայ բեմադրիչներու վրայ։
Չորրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ Ֆրանսայի Դեսպանութիւնը Հայաստանի Ֆրանսական Հիմնարկը եւ «Ֆիլմադարան» հասարակական կազմակերպութիւնը կը շարունակեն Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կազմակերպել ֆրանսական ֆիլմին նուիրուած Սինէ-ակումբը։ Այս տարի ակումբը կ’եզրափակուի ֆրանսական 5 դասական գլուխգործոցներու ցուցադրութեամբ։ ազգային գրադարանի մեծ եւ հիւրընկալ դահլիճէն ներս պիտի հանդիպինք 2026 թուականի Մարտ ամիսէն սկսեալ։
