ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Եղիշէ Չարենց. մատենագիտութիւն». Արժէքաւոր մատենագիտական հրատարակութիւն

նմբ 21, 2023 Նորութիւններ

newsevents (11)   
 

2023 թուականի նոյեմբեր 10-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանը հիւրընկալած էր չարենցասէրները՝ միասին նշելու, Լուի Արակոնի խօսքով, իր պայծառ անունով 20-րդ դարու ճակատը պսակած բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի մատենագիտութեան լոյսընծայումը։ Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութեան աջակցութեամբ Ազգային գրադարանի կազմած եւ հրատարակած «Եղիշէ Չարենց. մատենագիտութիւն» գիրքը կ'ամփոփէ Չարենցի՝ 1914-2022 թուականներուն լոյս տեսած երկերը, անոր կազմած, խմբագրած, թարգմանած գիրքերը, Չարենցի մասին հրատարակութիւնները։  

newsevents (6)-1   


newsevents (9)-1   

 newsevents (8)-1   
 

Գիրքին գլխաւոր խմբագիրը՝ չարենցագէտ Դաւիթ Գասպարեանը, եւ պատասխանատու խմբագիրը՝ Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Հայկանոյշ Ղազարեանը գիտական բարեխղճութեամբ եւ մատենագէտի համբերատարութեամբ ստուգած եւ ճշդած են ցանկին վրայ ներկայացուած բոլոր հրատարակութիւններուն մասին մատենագիտական տուեալները։ Միջոցառման ելոյթ ունեցան գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը, գիրքին խմբագիրները, Հայաստանի ԳԱԱ Գրականութեան հիմնարկի ներկայացուցիչ, գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեանը, Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Ժաննա Մանուկեանը։  

newsevents (5)-1   

Շնորհանդէսը Ազգային գրադարանի հարուստ չարենցագիտական հաւաքածոն նոր նուէրներով համալրելու լաւ առիթ մը եղաւ։ Չարենցի մակագրութեամբ գիրքի բացառիկ նուիրատուութիւն ըրաւ «Սոխօ Սենթր» ընկերութիւնը, որ գրադարանին նուիրեց Գարեգին Բեսին՝ Չարենցի ընծայագրով գիրքը։ Օփերային երգչուհի Յասմիկ Պապեանը Չարենցի՝ գերմաներէն թարգմանութեամբ գիրք մը նուիրեց, որ գրադարանը չունէր։ Չարենցի տուն-թանգարանը գրադարանին նուիրեց թղթային եւ ելեկտրոնային չարենցեան տարբեր հրատարակութիւններ։ 

newsevents (7)-1   


Միջոցառման աւարտին իր անզուգական կատարմամբ հանդիսատեսին գրադարանի թամանեանական մեծ դահլիճէն Ամենտի երկիր տարաւ երգահան Ռոպերթ Ամիրխանեանը։ Այնուհետեւ, միջոցառման մասնակիցները դիտեցին չարենցեան հրատարակութիւններու՝ գրադարանէն ներս բացուած ցուցադրութիւնը։ Հանրային հեռատեսիլի կայանը, «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը, «Ալիք մետիա» լրատուական-վերլուծական կայքը եւ շուրջ 10 այլ լրատուամիջոցներ լուսաբանեցին միջոցառումը։

newsevents (10)